Հարկ վճարողներու կողմէ 2024 թուականի Յուլիս ամսուայ համար ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի հաշուարկներու տուեալներով՝ եկամուտ ստացող աշխատատեղերու թուաքանակը կազմած է 750 863, ինչ որ գերազանցած է նախորդ տարուայ նոյն ամսուան ցուցանիշը 33.097-ով կամ 4,6 %-ով: Այս մասին տեղեկացուցած են Պետական եկամուտներու կոմիտէէն: