Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՈՐԱԿԸ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

August 23, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՈՐԱԿԸ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

 

Հայաստանի մէջ կը պատրաստուին իզոթոփային գիտաշխատանոց կառուցել՝ ազգային արտադրանքին որակը ստուգելու նպատակով: Կառավարութեան նիստին յաջորդած ճեպազրոյցին ընթացքին լրագրողներուն այդ մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը:

Ան ձեռնպահ մնացած է Հայաստանի մէջ արտադրուած քոնեակի ոչ-անվտանգ ըլլալու մասին Ռուսաստանի մէջ հնչած վերջին յայտարարութիւնը մեկնաբանելէ՝ նշելով, որ իր ղեկավարած գերատեսչութիւնը անոր վերաբերեալ պաշտօնական որեւէ փաստաթուղթ չէ ստացած: Փոխարէնը, նախարարը յայտնած է, որ Եւրոմիութեան ծրագրերէն մէկուն շրջանակին մէջ ներկայիս կ’իրականացուի «Armenian brandy» ապրանքանիշի կայացման միտուած աշխատանք:

Իսկ առհասարակ հայկական արտադրանքին որակը ստուգելու նպատակով Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի հիմնել իզոթոփային գիտաշխատանոց, որուն ստեղծման ուղղութեամբ, ըստ նախարարին, կը նախատեսուի գործնական քայլեր ձեռնարկել 2025 թուականէն սկսեալ: Աշխատանոցի գործարկման ժամկէտ Գէորգ Պապոյեանը չնշեց, սակայն ընդգծեց, որ նախագիծի չիրականացման պարագային հայաստանցի արտադրողներուն պիտի տեղեկացնեն սեփական արտադրանքին որակը եւրոպական որեւէ գիտաշխատանոցի մէջ ստուգելու պարտադիր պահանջին մասին: Այդպիսով, գիտաշխատային եզրակացութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ փաստացի եւ հիմնաւորուած պատասխանելու տուեալ արտադրանքի որակին վերաբերեալ հարցումներուն եւ հնարաւոր դժգոհութիւններուն:

«Մեր տնտեսական քաղաքականութեան նպատակն է ապահովել Հայաստանի մէջ արտադրուող ապրանքներու եւ ծառայութիւններու որակին շարունակական աճը, որպէսզի կարենանք զանոնք վաճառել բոլոր երկիրներուն մէջ եւ գոնէ որակի հետ կապուած հարցեր չհնչեն, իսկ հնչելու պարագային՝ ներկայացնենք միջազգային գիտաշխատանոցներու փորձաքննութիւններուն արդիւնքները»,- նշեց Գէորգ Պապոյեանը:

Ան յայտնեց, որ Տնտեսութեան նախարարութիւնը Հայաստանի քոնեակագործներէն որեւէ  ահազանգ չէ ստացած արտադրանքը Ռուսաստան արտահանելու հետ կապուած խոչընդոտներու վերաբերեալ:

Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ 2024 թուականի պետական պիւտճէով չափանիշերու եւ չափագիտութեան ազգային մարմնին գումար յատկացուած է աւելի քան 1 միլիառ դրամի գիտաշխատանոցային նորագոյն սարքաւորումներ ձեռք բերելու նպատակով: Ըստ անոր, համանման ծրագրեր պիտի իրականացուին նաեւ յաջորդ տարիներուն: Միաժամանակ, ինչպէս նշեց Գէորգ Պապոյեանը, մասնաւոր հատուածը կը զարգացնէ իր գիտաշխատանոցային կարողութիւնները:

Ի դէպ, նախարարը առանց ճշգրիտ ապրանքանիշեր յստակացնելու նշեց, որ Ռուսաստան արտահանուած հայկական քոնեակները ներկայիս իզոթոփային ստուգման կ’ենթարկուին նոյն ինքն այդ երկրին մէջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԻՄԱԾ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ՝ «ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ» ՄԻԱՆԱԼՈՒ

Next Post

ԵԿԱՄՈՒՏ ՍՏԱՑՈՂ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐՈՒՆ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՅ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՒԵԼՑԱԾ Է 4,6 ՏՈԿՈՍՈՎ

Next Post
ԵԿԱՄՈՒՏ ՍՏԱՑՈՂ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐՈՒՆ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՅ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՒԵԼՑԱԾ Է 4,6 ՏՈԿՈՍՈՎ

ԵԿԱՄՈՒՏ ՍՏԱՑՈՂ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐՈՒՆ ԹՈՒԱՔԱՆԱԿԸ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՅ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՒԵԼՑԱԾ Է 4,6 ՏՈԿՈՍՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.