Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԻՄԱԾ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ՝ «ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ» ՄԻԱՆԱԼՈՒ

August 23, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԴԻՄԱԾ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ՝ «ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻՆ» ՄԻԱՆԱԼՈՒ

 

Միացեալ Նահանգները կ’ուսումնասիրէ Հայաստանի դիմումը՝ միանալու «123-րդ համաձայնագրին», որուն հաստատման պարագային Հայաստանը կրնայ ստանալ ամերիկեան քաղաքացիական միջուկային արհեստագիտութիւններ․ այս մասին «Սիվիլնեթ»ին տուած գրաւոր մեկնաբանութեան մէջ ըսած է Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը։

ԱՄՆ դաշնային օրէնքին համաձայն՝ ԱՄՆ կառավարութիւնը պէտք է ստորագրէ Միացեալ Նահանգներու հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան արձանագրութեան 123-րդ բաժինը, որ կը սահմանէ այլ երկիրներու քաղաքացիական միջուկային արհեստագիտութիւններ փոխանցելու անհրաժեշտ պայմանները։ ԱՄՆ-ն նման գործարքներ ունի 48 երկիրներու եւ տարածքներու հետ՝ ըստ Արտաքին գործերու նախարարութեան 2022-ին թարմացուած տուեալներուն:

Եթէ Հայաստանը միանայ «123-րդ համաձայնագրին», այդ կրնայ ճանապարհ հարթել Հայաստանի մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններով նոր աթոմակայան նախագծելու եւ կառուցելու համար, որ պիտի փոխարինէ Մեծամորի՝ դեռ խորհրդային ժամանակաշրջանին կառուցուած աթոմակայանին:

«Թէեւ մենք չենք կրնար տրամադրել այլ երկիրներու հետ ԱՄՆ կառավարութեան բանակցութիւններու ներքին գործընթացին մանրամասնութիւնները՝ Միացեալ Նահանգները կ’ողջունէ Հայաստանի հետ քաղաքացիական միջուկային համագործակցութիւնը խորացնելու հնարաւորութիւնները»,- նշուած է պատասխանին մէջ։

«ԱՄՆ կառավարութիւնը չի կիսեր բանակցային գործընթացին մանրամասնութիւնները, բայց մենք կրնանք ըսել, որ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ «123-րդ համաձայնագրին» միանալու Հայաստանի խնդրանքին»,- ըսած է Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը։

Share61Tweet38
Previous Post

ՄՈՍԿՈՒԱ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌՈՒՍԵՐԷՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ»  

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՈՐԱԿԸ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՈՐԱԿԸ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ ՍՏԵՂԾԵԼ ՏԵՂԱԿԱՆ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻՆ ՈՐԱԿԸ ՍՏՈՒԳԵԼՈՒ ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.