Պելառուսիոյ նախագահին յայտարարութիւններէն ետք, Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւս յայտնեց, որ Հայաստան իրենցմէ այլընտրանք չունի: Դատապարտելով Հարաւային Կովկասի մէջ արեւմտեան միջամտութիւնները եւ Ֆրանսայի նախագահին Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը, Զախարովա նշեց, որ ՀԱՊԿ-ի դռները բաց են Հայաստանի վերադարձին համար, կարծիք յայտնելով, որ Հայաստան ՀԱՊԿ-էն եւ Ռուսիայէն բացի չունի անվտանգութեան ապահովումի այլընտրանք: «Այս փորձուած է դարեր շարունակ եւ կը գնահատուի հայերէն», ըսաւ ան: