Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ յստակացուց, որ Լիբանանին Ալճերիոյ ուղարկած վառելանիւթը առանց պայմանի նպաստ է՝ Լիբանանը փրկելու ելեկտրականութեան այս զգայուն վիճակէն: Ֆայյատ բացատրեց, թէ Իրաքի հետ քարիւղային պայմանագրի գործադրութիւնը տակաւին կը շարունակուի, սակայն հերթական բեռը ուշացած է մասնաւորաբար աշխատանքային պատճառներով: Ֆայյատի խօսքով, ելեկտրականութեան ամբողջական անջատումը միայն մէկուկէս օր տեւեց, ապա շուտով կարելի եղաւ մատակարարել օդակայանը, նաւահանգիստն ու Ջուրի հաստատութիւնը: