Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

August 23, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

 

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու գրասենեակը երէկ յայտարարեց, թէ Մահմետական առողջապահական խորհուրդի խումբեր ենթարկուած են իսրայէլեան հրետանային կրակոցի, մինչ կը փորձէին մարել հրդեհ մը: Ռմբակոծութեան հետեւանքով վնասուած է երկու ինքնաշարժ, առանց վիրաւորներու: Միջադէպը տեղի ունեցած է Նաքուրայի հիւսիսային Համուլ շրջանին մէջ: Նոյն Խորհուրդէն երեք ծառայող վիրաւորուած էր երկու օր առաջ՝ անօդաչու սարքով յարձակումի պատճառով:

Իսկ Լիբանանի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Կազայի զինադադարին հարցով բանակցութիւններուն ձախողութիւնը կրնայ տարածաշրջանային իրավիճակը մղել յաւելեալ լարուածութեան: Իր ճափոնցի պաշտօնակիցէն ստացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան ռազմական վիճակի մագլցում չ’ուզեր, այլ կը պահանջէ զինադադար յայտարարել Կազայի մէջ, միաժամանակ հանդարտեցնելու համար հարաւի եւ տարածաշրջանի կացութիւնը:

Չինաստանի իշխանութիւնները Լիբանան գտնուող չինացիներուն խորհուրդ տուին անյապաղ դուրս գալ երկրէն: Լիբանանի մէջ չինական դեսպանութենէն հրապարակուած յայտարարութիւնը նշեց, թէ նկատի առնելով սահմանային լարուածութիւնը եւ ապահովական առկայ վտանգները, չինացիներու այցելութեան համար կարմիր գօտի (վտանգի գերագոյն աստիճան) կը համարուին Նապաթիէ եւ Լիբանանի հարաւային շրջանները, իսկ երկրին մնացեալ հատուածները կը դասուին նարնջագոյն գօտիին մէջ (վտանգի բարձր աստիճան):

Share61Tweet38
Previous Post

ՉԽԱՓԱՆԵԼ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՓՈՐՁԵՐԸ

Next Post

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՐՏԱՆԱՒԵՐՈՒ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ

Next Post

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՄԱՐՏԱՆԱՒԵՐՈՒ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.