Մեր բոլոր յեղափոխական երգերը ծագում առած են պատմական դէպքէ մը, որ երիտասարդներէն կամ ընթերցողներէն շատերուն համար անծանօթ կը մնայ:
Այս պատճառով, ուզեցինք լուսարձակի տակ առնել ե՛ւ երգը եւ ա՛յն ֆետային, որուն նուիրուած է երգը՝ յայտնի կամ անյայտ երգասացներու կողմէ:
ՎԱՏ ԹՇՆԱՄՈՒ ԳՈՌ ՎԱՇՏԵՐԸ ԿԱՏԱՂԻ
Վատ թշնամու գոռ վաշտերը կատաղի,
Պաշարեր են մեր լեռները սոսկալի.
Մի՛ վհատիր, քաջ Սասուն,
Քեզ համար չէ նորութիւն,
Մեր պապերից սովորել ենք,
Մեռնիլ քաջամարտի պէս,
Որ մեզ թողին յիշատակ։
Շէնիք, Սէմալ պաշարուած են թուրքերով
Տալուորիկի անցքն է փակուեր քիւրտերով.
Զքեզ տեսնեմ քաջ Մուրատ
Սուրդ շարժէ անվհատ,
Մեր հեռաւոր եղբայրներ՝
Չեն կենար միշտ անտարբեր,
Շուտով կու գան օգնութեան:
Հայ աղջիկներ առէք վառօդ եւ կապար
Լցրէք դատարկ փամփուշտները շար առ շար,
Իսկ դուք կանայք անվհատ,
Առէք սուր եւ հրացան,
Խրախուսեցէք հայ քաջեր,
Ազատենք մեր հայրենիք՝
Ձեր կանացի արիւնով:
Ուղիղ 130 տարի առաջ, 1 Օգոստոս 1894-ին, խառնիճաղանճ բազմութիւն մը կը քալէ Սասունի Շէնիք եւ Սէմալ գիւղերուն վրայ՝ թնդանօթներով եւ հրացաններով։
«Վատ թշնամու գոռ վաշտերը կատաղի» երգը նուիրուած է Հնչակեան (Սասնոյ) հերոսամարտին եւ անոր ոգին եղող (Մեծն) Մուրատին։
«Ձայնագրեալ եւ պատկերազարդ յեղափոխական երգարան, Հաննէսեան եղբայրներու ՇԻՐԱԿ հրատարակչատան, Պէյրութ 1984»