Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ

August 22, 2024
in Յօդուածներ
0
ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ

Յայտնի է բոլորին, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը հիմնուած է 1887 թուականի Օգոստոսին, Ժընեւի մէջ, հոյլ մը կովկասահայ ուսանողներու կողմէ։ Անոնց փառապանծ անունները պատմութիւնը մեզի կ’աւանդէ հետեւեալ հերթականութեամբ. Աւետիս Նազարբէկեան, Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան, Ռուբէն Խան-Ազատ, Գաբրիէլ Կաֆեանց, Քրիստափոր Օհանեան եւ Գէորգ Ղարաջեան։ Այս վեց հիմնադիրներուն քով կ’աւելնայ նաեւ եօթներորդ անուն մը՝ Լեւոն Ստեփանեան, որ, ճիշդ է, կուսակցութիւնը կազմուելու միջոցին վերոյիշեալ միւս վեցին հետ Ժընեւի մէջ չէր, այլ Մոնփելիէ կը գտնուէր՝ տեղւոյն գիւղատնտեսական դպրոցին մէջ իր աւարտական քննութիւնները յանձնելու պատճառով։ Սակայն, այսուհանդերձ, Ռուբէն Խան-Ազատի հեղինակաւոր վկայութեամբ, ան սկիզբէն համաձայն եղած էր յեղափոխական կազմակերպութիւն մը ստեղծելու գաղափարին հետ, ընդունած էր վերջինիս համար պատրաստուած ծրագիրը եւ իսկոյն անդամակցած էր անոր։

Յեղափոխական կուսակցութեան կազմաւորման oրերուն համախոհներուն թիւը ամբողջացնելու միտումով, Գաբրիէլ Կաֆեանցի նախաձեռնութեամբ, 1887 թուականի ամառը, Մոնփելիէէն Ժընեւ ժամանած համախոհ ուսանողներէն Քրիստափոր Օհանեան եւ Գէորգ Ղարաջեան կը մտնեն հիմնադիրներու վերոյիշեալ խումբին մէջ, մինչդեռ Մատթէոս Շահազիզեան, Պօղոս Աֆրիկեան եւ Ժընեւի խումբէն՝ Մկրտիչ Մանուչարեան, կուսակցութեան գաղափարախօսութեան շուրջ յառաջացած անհամաձայնութիւններու պատճառով հիմնադիրներու խումբէն կը բաժնուին, հետեւաբար՝ անոնց անունները դուրս կը մնան եօթը հիմնադիրներու վերոյիշեալ ցանկէն։

Նկատի ունենալով, որ Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան նուիրուած եւ հիմնադիրներու անուններուն վերաբերող կարգ մը գիրքերու եւ յօդուածներու մէջ գոյութիւն ունին որոշակի տարբերութիւններ, աւելորդ չենք սեպեր այստեղ անգամ մը եւս նշելու հնչակեան եօթը հիմնադիրներուն փառապանծ անունները.

Աւետիս Նազարբէկեան,

Մարօ Վարդանեան-Նազարբէկեան,

Ռուբէն Խան-Ազատ,

Գաբրիէլ Կաֆեանց,

Քրիստափոր Օհանեան,

Գէորգ Ղարաջեան եւ

Լեւոն Ստեփանեան:

 

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի «Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները» հատորէն, Ժընեւ 2014

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍԱՍՆՈՅ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՈՍ, ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳԸ

Next Post

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒԼԻՍ-ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Next Post
ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ  ՅՈՒԼԻՍ-ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒԼԻՍ-ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.