Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

August 22, 2024
in Միջազգային
0
ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին միացած է «Քլինթոն» հիմնադրամի փոխնախագահ, հանրային առողջութեան փորձագէտ Չելսի Քլինթընը: Դոկտոր Քլինթընը յայտնի է մարդոց կեանքը բարելաւելու իր ջանքերով, ինչ որ կ’ոգեշնչէ ապագայ առաջնորդները ամբողջ աշխարհի մէջ ու կը նպաստէ կարեւոր հարցերու, այդ շարքին՝  առողջապահական հաւասարութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելուն:

«Աւրորա» մրցանակը (1 միլիոն ԱՄՆ տոլար) կը շնորհուի այն անհատներուն, որոնք կը վտանգեն սեփական կեանքը, որպէսզի փրկեն այն մարդոց կեանքը, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու կամ մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւններու հետեւանքով։ «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը կը ստանայ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու բացառիկ հնարաւորութիւն՝ այդ միջոցները ուղղելով համայնքներուն մէջ մարդասիրական աշխատանք իրականացնող անհատներուն:

«Հաշուի առնելով ընկերային փոփոխութիւններուն նուիրուած երկարամեայ ջանքերը՝ ան կատարեալ կը համալրէ Ընտրող յանձնաժողովը, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ մեր համատեղ աշխատանքին՝ լոյս սփռելու մարդասէր գործիչներու վրայ, որոնք կը վտանգեն սեփական կեանքը՝ օգնելու դժուարին իրավիճակի մէջ գտնուողներուն»,- ըսաւ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ եւ Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի համաղեկավար Լորտ Արա Տարզին: «Չելսին իր հետ կը բերէ թարմութիւն եւ մեծ փորձառութիւն, որ, անկասկած, պիտի հարստացնէ մեր քննարկումները եւ պիտի ապահովէ տեսակէտերու լայն շրջանակ ընտրական գործընթացին մէջ»:

Երկար տարիներ ըլլալով հանրային առողջութեան փորձագէտ՝ դոկտոր Քլինթընը նաեւ «Քլինթոն» առողջապահութեան հասանելիութեան նախաձեռնութեան (Clinton Health Access Initiative) փոխնախագահն է: Հիմնադրամին մէջ աշխատելէ բացի, Քլինթըն կը դասաւանդէ Գոլումպիայի համալսարանի Մէյլմենի անուան հանրային առողջութեան դպրոցին մէջ: Ան նաեւ քանի մը գիրքերու հեղինակ է, այդ շարքին՝ լաւագոյն տարածում գտած «She Persisted» (Ան հաստատակամ էր) շարքին: Ան պետական քարտուղար Հիլըրի Ռոտհեմ Քլինթընի հետ համահեղինակած է «Գիրք համարձակ կանանց եւ մեծ մօր այգիներու մասին» գործը, իսկ Տեւի Շրիտհարի հետ՝ «Համաշխարհային առողջապահութեան կառավարում. ո՞վ կը ղեկավարէ աշխարհը եւ ինչո՞ւ» գիրքը:

«Մենք բոլորս մեր դերը ունինք համաշխարհային մեծագոյն մարտահրաւէրներուն դիմակայելու գործին մէջ»,- նշեց «Քլինթըն» հիմնադրամի փոխնախագահ Չելսի Քլինթընը: «Ինծի համար պատիւ է միանալ 2024 թ. «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովին եւ շարունակել մեր համագործակցութիւնը «Քլինթըն» համաշխարհային նախաձեռնութեան (CGI) միջոցով՝ աջակցելու մարդասիրութեան ոլորտի առաջնորդներուն, որոնք մեծապէս կը փոխեն աշխարհը»:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ 53 ՊԱՏԱՆԻ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ

Next Post

ԼՈՒԱԶՕ. «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՏԿԱՐԱՆԱՅ»

Next Post
ԼՈՒԱԶՕ. «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՏԿԱՐԱՆԱՅ»

ԼՈՒԱԶՕ. «ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՏԿԱՐԱՆԱՅ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.