Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ 53 ՊԱՏԱՆԻ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ

August 22, 2024
in Հայաստան
0
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ 53 ՊԱՏԱՆԻ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻՆ

 

Սփիւռքահայ 53 պատանի համախմբուած է Համահայկական հայագիտական մրցոյթի շրջանակին մէջ:

Այս տարի մրցոյթին մասնակցած է 14-18 տարեկան 53 պատանի՝ Վրաստանէն, Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Սպանիայէն եւ Քուէյթէն:

Մրցոյթին նպատակն է խրախուսել հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան իմացութիւնը արտերկրի մէջ բնակող հայ երեխաներու շրջանակին մէջ, օգնել անոնց ճանչնալ Հայաստանը եւ ծանօթանալ տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:

Մրցոյթը տեղի ունեցած է երեք թեմատիկ ուղղութեամբ՝ հայոց լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն: Հարցաշարքերը կազմած են մասնագիտական յանձնաժողովները, որոնց կազմը համալրուած է տարբեր համալսարաններէ: Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն  Մնացականեանի խօսքով՝ մրցոյթը այս տարի տեղի ունեցած է այլ ձեւաչափով՝ որպէս ստուգատես, այլ ոչ թէ մրցոյթ, հետեւաբար յաղթողներ չեն առանձնացուած: «Թէեւ մասնակիցները նախապէս չեն ունեցած հարցումները, բայց, ի զարմանս մեզ, արդիւնքները սպասուածէն լաւ էին»,- կ’ըսէ Կարէն Մնացականեանը:

Մրցոյթի ծիրին մէջ անցկացուելտեղի ունեցած են երգի, ասմունքի միջոցառումներ, խոհարարական վարպետութեան դասեր, ինչպէս նաեւ ուսումնաճանաչողական այցեր Գառնիի հեթանոսական տաճար, Գեղարդ վանական համալիր եւ Սեւանավանք: Յուշարձաններ այցերու ընթացքին սփիւռքահայ պատանիներուն մանրամասն ներկայացուած են անոնց պատմութիւնն ու մշակութային արժէքը:

Պատանիներուն խօսքով՝ մրցոյթին մասնակցութիւնը իրենց տուած է թէ՛ բազմաթիւ ընկերներ, թէ՛ հարուստ գիտելիք: Անոնք կը վստահեցնեն՝ նոյնիսկ իրենց օտարազգի ընկերներուն հայերէն պիտի սորվեցնեն, որպէսզի անոնք եւս մասնակցին յաջորդ մրցոյթին:

Մրցոյթի աւարտին երեխաներուն տրուած են մասնացութեան վկայականներ, իսկ գաղութներուն՝ խորհրդանշական նուէրներ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽՑԻ ՇՈՒՐՋ 120 ԵՐԵԽԱՅ ՄԵԿՆԱԾ Է ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ՝ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԻ

Next Post

ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post
ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆԸ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.