ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համակարգմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած շուրջ 120 երեխայ մեկնած է Հունգարիա՝ մասնակցելու ամառնային ճամբարի։
Հունգարիոյ Պալաթոն լիճի ափին գտնուող Զանքայի Էրժեպեթ ճամբար մեկնած են 8-էն 14 տարեկան երեխաներ, որոնց կ’ուղեկցի շուրջ 30 աշխատակից՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան համակարգէն եւ Արմաւիրի մարզի տարբեր համայնքներէն։ Ուղեկցողներու շարքին են ընկերային աշխատողներ, հոգեբաններ, մանկավարժական աշխատանքի փորձ ունեցող անձեր, բժիշկներ։
Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած երեխաներուն համար Հունգարիոյ մէջ ամառնային ճամբարի փորձնական ծրագիրը կ’իրականացուի Հայաստանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններուն համատեղ ջանքերով, աշխատանքներու իրականացման գործընթացին կ’աջակցին երկու երկիրներուն մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները։
Կը նախատեսուի, որ նախաձեռնութիւնը պիտի կրեն շարունակական բնոյթ՝ ճամբար մեկնելու հնարաւորութիւն տալով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած շուրջ 1000 երեխայի։