Լիբանանի մէջ գործող փուռերու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Անթուան Սէյֆ յայտնեց, որ լիբանանեան հացի կապոցին սակագինը Սեպտեմբերի կիսուն պիտի կրէ 15 հազար լիբանանեան լիրայի գնաճ, հասնելով 70 հազարի: Սէյֆի համաձայն, այս որոշումին պատճառը կառավարական աջակցութեան չեղարկումն է եւ փուռերու պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումը: