Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԽԱՒԱՐԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

August 22, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԽԱՒԱՐԻՆ ՀԱՐՑՈՎ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

 

 

Անցնող օրերուն ելեկտրամատակարարումի ամբողջական դադրեցումի լոյսին տակ, Լեռնալիբանանի Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժար բացաւ հետաքննութիւն՝ իմանալու տեղի ունեցած թերութեան պատասխանատուներն ու մանրամասնութիւնները, հիմնուելով այդ հարցով իրեն հասած վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի յուշագրին վրայ: Դատախազը Պէյրութի Արդարադատութեան պալատին մէջ երէկ արձանագրեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատի եւ Ելեկտրականութեան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէքի վկայութիւնները: Ֆայյատ եւ Հայէք ապա մեկնեցան առանց մեկնաբանութեան:

Ուժանիւթի նախկին նախարար Նատա Պուսթանի ահազանգեց, թէ Զուքի եւ Ժիյյէի ելեկտրակայանները գործարկելու պայմանագիր կնքած են եւ «Ժատիտ» հեռատեսիլի կայանի սեփականատէրեր Խայյաթ ընտանիքին պատկանող EMP ընկերութեան մթերանոցներուն մէջ կայ քարիւղի մեծ պաշար, թէեւ քանի մը օր առաջ յայտարարուած էր, թէ ելեկտրամատակարարումը դադրած է քարիւղի անբաւարարութեան պատճառով: Պուսթանի նոյն ընկերութիւնը ամբաստանեց նաեւ Ելեկտրականութեան հասատատութենէն 38 միլիոն տոլարի գումար ստանալով հանդերձ ելեկտրակայաններուն անհրաժեշտ նորոգութիւնները չկատարելու մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ քննչական համապատասխան կառոյցներուն կոչ ուղղելով միջամտելու եւ բացայայտելու գայթակղութեան բոլոր ծալքերը եւ պատժելու յանցագործները, որոնք լիբանանցիները զրկած են ելեկտրականութենէ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՆՈՐ ՍՊԱՆԴ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post

ՔԱՐԻՒՂԸ ՃԱՄԲԱՆ Է

Next Post
ՔԱՐԻՒՂԸ ՃԱՄԲԱՆ Է

ՔԱՐԻՒՂԸ ՃԱՄԲԱՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.