Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

August 22, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՍՈՒՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

 

 

Պատերազմի փոխադարձ սառնալիքներու լոյսին տակ, Հըզպալլա եւ Իսրայէլ վերջին օրերուն ընդարձակած են թիրախաւորումի շրջագիծը եւ կը հարուածեն շրջաններ, որոնք անցնող շրջանին գրեթէ զերծ մնացած էին զինուորական գործողութիւններէն: Երէկ վաղ առաւօտեան, իսրայէլեան անօդաչու սարքերը վերստին հասան Սայտա, ուր Վիլլաներու թաղամասին մէջ թիրախաւորեցին ինքնաշարժ մը՝ ահաբեկելով Ֆաթհ շարժումի «Երուսաղէմի փաղանգներ» զինեալ թեւի Լիբանանի շրջանի հրամանատար Մունիր Մաքտահի եղբայրը՝ Խալիլ Մաքտահը: Մունիր Մաքտահը աւելի ուշ յայտնեց, որ եղբայրը Ֆաթհ շարժումի գնդապետ էր եւ կ’աշխատէր զինեալ թեւի շարքերուն մէջ: «Ահաբեկումները կ’ամրացնեն մեր ուժն ու կամքը, իսկ նահատակութիւնը պատուոյ շքանշան է», ըսաւ Մաքտահ:

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ լիբանանցի մը եւ սուրիացի մը զոհուած են երէկ հարաւային Պէյթ Լիֆ եւ Ուազզանի շրջաններու թիրախաւորումին պատճառով:

Կեդրոնը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, թէ Երեքշաբթի գիշեր Պեքաայի մէջ թիրախներու ռմբակոծութեան պատճառով կայ զոհ մը եւ 30 վիրաւոր՝ ներառեալ 9 երեխայ եւ չորս սուրիացի: Ըստ յայտարարութեան, հիւանդանոց մուտ գործած հինգ վիրաւորներէն մէկուն վիճակը չափազանց ծանր է:

Share61Tweet38
Previous Post

ՔԱՂԱՔԻՆ ՏԱՆԻՔՆԵՐԸ (Roofs of the City) ՄԱՐԱԼ ԵՒ ՆԱՆՈՐ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Next Post

  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԿՈԼԱՆ

Next Post
  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԿՈԼԱՆ

  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԿՈԼԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.