Անտեղեակ եմ, թէ համաշխարհային գրականութիւնն ու մշակոյթը ի՞նչ խօսած է «տանիք»ի մասին: Ազգային առումով, թէեւ մենք ապրած, ճաշակած ենք «տանիք»ին «քաղցրութիւնը» ու շատ մը յիշատակներ ալ իջեցուցած՝ այնտեղէն, սակայն քիչ անգամ պատմած կամ խօսած ենք «անոր» մասին:
Արդարեւ, 1902 թուականին գրուած Թլկատինցիին «Տանիքին աղջիկը» հովուերգութիւնը կը խօսի սիրահար աղջկան մը մասին, որ «Աչքերը սեւեռած շեշտ ան երկու քուրվուկներուն, ականջն ալ կալերուն կողմը, իր սիրած տղուն կողմը, կը սպասէ երկար, գիշերին բոլոր մթութիւնը իր հոգիին մեջ լեցնելով»:
1988 թուականին «Գեղարդ» սրահին մէջ բեմադրուեցաւ «Աշխարհը տանիքէն դիտուած» կատակերգութիւնը, որուն հեղինակն էր նոյն ինքը բեմադրիչը՝ Վաչէ Ատրունին: Ան կը խօսէր երիտասարդ զոյգի մը սիրահարական պատմութիւնը եւ անոնց յարաբերութիւնը բանտարկեալ ընկերներուն ու կարծեցեալ անմիտ ծերուկ մարդուն մասին:
Արձակագիր Յակոբ Միքայէլեան «Նոր գիւղի տանիքները» խորագրով պատմուածք մը ունի, ուր կը նկարագրէ Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի բնակիչներուն երեկոները, յատկապէս ամրան տաք եղանակին՝ «տանիքները կը դառնային ամենացանկալի ննջարանները, ուր իրար կողքի կը շարուէին անկողինները», կը նշէ ան:
Մարալ եւ նանոր Տէր Պօղոսեան գեղանկարչուհիները այդ «պատմող»ներէն եղան, որոնք քաջութիւնը ունեցան վրձինի մեղմ հարուածներով անմահացնել իրենց ապրած միջավայրին կամ շրջանին տանիքները, անոնցմէ վեր ծածանուող կապոյտը՝ երբեմն մեղմ, երբեմն ալ խոժոռ հայեացքով: Ու Մարալին վրձինը չէ վրիպած իր կտաւներուն վրայ արձանագրելու տանիքէն դիտուած՝ տանիքներուն բոլոր մանրամասնութիւնները՝ հեռատեսիլի անգործածելի խողովակներ, ջուրի նոր կամ հին տակառներ, լուացք, ձմերնամուտը ահազանգող գորգեր, խառնաբղէտ ելեկտրական թելեր: Մարալ եւ Նանոր Տէր Պօղոսեան քոյրերու «Քաղաքին տանիքները» ( Roofs of the City) խորագրով ցուցահանդէսին մէջ ամբողջ սերունդի մը պատմութիւնը ներկայացուած էր իր բնատիպ գոյներով: 34 կտաւներու վրայ պատկերուած էր մեր ապրած պատմութիւնը՝ առնուազն վերջին 40 տարիներունը: Քաղաքացիական պատերազմին, վերաշինութեան, ընկերային այլեւայլ տագնապներու, բոլորն ալ այդտեղ, այդ պաստառներուն վրայ տեսերիզի մը նման արձանագրուած էին:
Ցուցահանդէսը տեղի կ’ունենար ԳՈՀԱՐ գրադարան-կազմատան սրահներէն մէկուն մէջ: Մշակութային եզակի վայր մը, Մարալ եւ Նանոր Տէր Պօղոսեաններով ընթացք առած, ուր գրականութիւնն ու նկարչութիւնը զիրար ողջագուրած էին երկար բացակայութենէ ետք վերամիացող երկու սիրահարներու նման:
Այս առիթով կարճ զրոյց մը ունեցանք Տէր Պօղոսեան արուեստագիտուհիներուն հետ:
«Ա».- Ամփոփ ձեւով հաճեցէք պատմել ձեր մասին:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: Ուսանած եմ կերպարուեստ Լիբանանեան համալսարանին մէջ: 20 տարիէ ի վեր Լիբանանէն ներս կամ արտասահմանի մէջ մասնակցած եմ անհատական կամ խմբային արհեստավարժ ցուցահանդէսներու: Ծնած եմ ու հասակ առած եմ արուեստագէտ ընտանիքի մէջ: Մայրս՝ քանդակագործուհի եւ գեղանկարչուհի Կիւլեն Թորոսեան Տէր Պօղոսեանն էր, որ դժբախտաբար կեանքէն հեռացաւ երկու տարի առաջ: Ողբացեալ մօրեղբայրս անուանի գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանն է: Հայրս Շահէ Տէր Պօղոսեանը
նոյնպէս գեղանկարիչ է: Մէկ խօսքով մեր տան մէջ միշտ ներկայ էր արուեստի մթնոլորտը: Եւ երբ երկրորդականը աւարտեցի ինծի համար արդէն յստակ էր իմ յաճախելիք համալսարանս եւ ընտրելիք ճիւղս:
ՆԱՆՈՐ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: Աւարտած եմ Academy Lebanese Des Beaux Arts համալսարանը: Այսօրուան ցուցահանդէսին Մարալին հետ 3 «թապլօ»ներով կը մասնակցիմ, որոնք աշխատած եմ համակարգիչին վրայ թուային ձեւով: Այսինքն քրոջս աշխատանքներէն զանազան մասեր առնելով՝ մէկէն երկինքը, միւսէն շէնք մը, երրորդէն թռչունները եւ այլն համադրութեամբ, համակարգչային աշխատանքներով ծնունդ տուած եմ նոր թուայնացած նկարի chromalux-ի վրայ: Chromalux-ը արդիական տպագրութեան նորութիւններէն է: Լուսանկարչութեան յատուկ մետաղ մըն է, որուն վրայ նկարը կը տպուի եւ մելանը մտնելով մետաղին մէջ ո՛չ կը դեղնի, ո՛չ գոյնը կը փոխէ, ոչ ալ սրբելով կը վիրաւորուի: Այս ստեղծագործութիւնս կարելի է ըսել «ֆոթո-մոնթաժ»ային արդիական ժանր մըն է:
«Ա».- Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ յղացաք «Քաղաքին տանիքները» ցուցահանդէսին գաղափարը:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: 20 տարիէ ի վեր, համալսարանը աւարտելէս կրնամ ըսել, շէնքերու ճակատներուն նիւթը գծած եմ, ներկած ու ցուցադրած եմ զանազան տեղեր, անհատական ցուցահանդէսներով, յատկապէս 2002 թուականին: Ժամանակի ընթացքին այս նիւթը աւելի զարգացաւ: Առաջ կենդրոնացումս միայն կառոյցներու ճակատներուն վրայ կ’ըլլար: Մնացեալ մանրամասնութիւնները՝ վարագոյր, քամիի ստեղծած շարժումները, գոյները, մանաւանդ կէսօրէն ետքի գոյներն ու շուքերը: Մեր պատշգամէն Պուրճ Համուտի եւ Լեռնալիբանանի տեսարանն է որ կ’երեւի: Յատուկ ժամ մը կայ, երբ արեւը կը սկսի կամաց-կամաց մայր մտնել, շուքերը աւելի շեղակի կը դառնա,ն իսկ շէնքերուն գոյները աւելի վառվռուն կ’ըլլան, ահա ճիշդ այդ պահն է որ ինծի ստեղծագործելու ներշնչում կու տայ: Այնուհետեւ սկսայ նկարել Պուրճ Համուտի կողմէն դիտուած Էշրէֆիէի շէնքերը , ապա կամուրջէն դիտուած Հաճընի շրջանի շէնքերը: Վերջին շրջանին աշխատանքներուս մէջ սկսայ շէնքերուն տանիքները քիչ մը դէպի վար բերել եւ աւելի տեղ տալ երկինքին:
«Ա».- Ձեր գործերուն մէջ նկատեցի ծանօթ վայրեր, մեր ապրած միջավայրին գունագեղ, նորոգուած շէնքերը:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: Ընդհանրապէս իմ մանկութեանս յիշատակներն են աշխատանքներուս մէջ, երբ մօրս հետ մեծ մօրս այցելութեան կ’երթայի, կամ Պուրճ Համուտի կողմը, ուր կը բնակէր միւս մեծ մայրս: Այս պատկերները մանկութենէս ի վեր տպագրուած են իմ մտապատկերիս մէջ: Եւ համալսարանը աւարտելէս ետք, երբ արդէն տիրապետած էի գեղանկարչութեան բոլոր հմտութիւններուն, անդրադարձայ որ այդ բոլոր մտապատկերները կտաւին վրայ կրնամ արտայայտել: Հարուստ գոյներով այս նկարերուն մէջ ուրախ մանկութեան յիշատակներ կան, կարօտ կայ, գաղթական նախահայրերուս ապրած վայրերը կան՝ Պէյրութ գետին երկու կողմերը: Եւ չեմ գիտեր ինչու, մէջս կայ այն երկիւղը, որ օր մը այս շէնքերը պիտի քանդուին նոր բարձր կառոյցներու հաշուոյն: Այս տեսակի երկիւղը ինծի մղիչ ուժ մըն է գծելու եւ արժեւորելու այս տեսարանները եւ, ինչու չէ, ձեւով մը պաշտպանելու այս շրջանները:
«Ա».- Առաջին անգամն է, որ ԳՈՀԱՐ գրադարանին մէջ նկարչական ցուցահանդէս մը տեղի կ’ունենայ: Հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի՞նչպէս որոշեցիք վայրը:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: Սեպտեմբեր 2023-ին, ես ու քոյրս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ դրամաշնորհ ստացանք BERYT ծրագրի անուան տակ, որոնք ֆինանսաւորեցին 92 արուեստի ծրագրեր (գեղանկարչութիւն, թատրոն, երաժշտութիւն, գրականութիւն, ձեռային աշխատանքներ եւ այլն) յատկապէս այն արուեստագէտներուն համար, որոնք կը գտնուէին մանաւանդ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած շրջաններուն մէջ: Մենք այս ցուցահանդէսը իրականացնելու համար որոշեցինք որպէս խմբակ ներկայանալ եւ յաջողեցանք դառնալ 92-էն մին: Բնականաբար այսպիսի ծրագիր մը յաջողցնելը դիւրին պիտի չըլլար եթէ մենք չունենայինք նիւթական այսպիսի աջակցութեան մը հնարաւորութիւնը: Քովիտի ժամանակ, երբ ակամայ բանտարկուած էինք մեր տուներուն մէջ, նկարչական աշխատանքներ արտադրելու եւ գծելու բաւարար ժամանակ ունէի: Այստեղ կը նկատէք 2022-ին գծուած քանի մը գործեր, սակայն մեծամասնութիւնը 2023 եւ 2024 թուականներու աշխատանքներս են: Լսած էի ԳՈՀԱՐ գրադարանին մասին: Մօրս մահէն ետք հայրս որոշեց արժէքաւոր գիրքերէն ոմանք նուիրել ԳՈՀԱՐ գրադարանին: Այս ընթացքին ծանօթացանք գրադարանի վարիչ պարոն Կարօ Տէրունեանին: Քանի մը ամիս առաջ այցելեցինք ԳՈՀԱՐ գրադարան, պատուհանէն տեսայ այն նոյն տանիքներու տեսարանները, որոնք գործերուս ներշնչումն էին: Ցուցահանդէսը այստեղ իրականացնելու փափաք մը արթնցաւ մէջս: Միտքս յայտնեցի պարոն Տէրունեանին եւ քանի մը պաշտօնական համաձայնութենէ ետք ստացայ դրական պատասխան:
«Ա».- Որքանո՞վ նշանակալից էր UNESCO-ի կողմէ ձեզի ներկայացուած աջակցութիւնը:
ՄԱՐԱԼ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ: Իսկապէս շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն էր BERYT ծրագրին կողմէ կատարուածը, քանի որ մարդ արարածը միայն ֆիզիքական սնունդով չի կրնար ապրիլ եւ գոյատեւել: Անոր հարկաւոր է նաեւ հոգիի սնունդ: Իսկ արուեստագէտները այս իմաստով աւելի զգայուն են քան այնպիսիք՝ որոնք արուեստի բնագաւարէն շատ հեռու են: Տեղ մը կու գայ, որ չենք կրնար միայն գոյատեւման հոգեբանութեան մէջ ապրիլ: Մարմինս սնունդ ստացաւ, կշտացաւ, այո՛, ուրեմն վե՞րջ: Կ’ընդունիմ, որ շատեր իրապէս կարիքաւոր են եւ այդ օժանդակութիւնները, բժշկական աջակցութիւնները տարբեր դարմանատուներու կողմէ, պէտք է տրուի անոնց: Արդեն BERYT ծրագրին նախաձեռնութեան միտք բանին այդ էր՝ վերակենդանացնել Պէյրութի մշակութային կեանքը եւ գործառիթներ ստեղծել, ինչպէս նաեւ արհեստաւորներէ կամ գործարար մարդոցմէ յատկացուած նիւթական օժանդակութեամբ կարելի եղածին չափ հասոյթ ապահովելով, զանոնք անուղակիօրէն դարձնել նուիրատու գործակիցներու: Այսպիսով, շնորհիւ այս նախաձեռնութեան, յաջողեցանք կազմակերպել այս ցուցահանդէսը: