Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԿՈԼԱՆ

August 22, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԴԷՊԻ ԿՈԼԱՆ

 

Հըզպալլայի ռազմական լրատուութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ «Քաթիւշա» տիպի հրթիռներով թիրախաւորած է իսրայէլեան կարեւոր Ցնոպար ռազմակայանը եւ անոր մերձակայ զինուորական կուտակումները: Այլ հաղորդագրութեամբ մը Հըզպալլա նշեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծած է իսրայէլեան Շամիր եւ Քացրին բնակավայրերը եւ Ռամիմ զօրամասը: Հըզպալլայի համաձայն, սոյն յարձակումները հակադարձութիւն էին Մարժաայունի եւ Պեքաայի ռմբակոծումին: Իսկ Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ զինուորական ղեկավար Ֆուատ Շուքրի ահաբեկումին Հըզպալլայի հակադարձութիւնը պիտի չըլլայ քօղարկուած, այլ շատ յստակ եւ այդ պիտի տեսնեն բոլորը: Իսրայէլեան շտապ օգնութիւնը յայտարարեց, թէ Քացրինի մէջ մարդ մը թեթեւօրէն վիրաւորուած է, իսկ նիւթական վնասներու ենթարկուած են բնակարաններ եւ ինքնաշարժներ:

Միւս իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ քանի մը թռիչքներով խախտեցին լիբանանեան օդային տարածքը, սաւառնելով ինչպէս հարաւի, այնպէս ալ Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի վրայ, ուր երկու անգամ խզեցին ձայնի պատը: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պնդեց, որ իրենք պատրաստ են բոլոր ընտրանքներուն, ըլլան յարձակողական կամ պաշտպանողական: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի Հըզպալլան ամբաստանեց «իսրայէլացի քաղաքացիներուն վրայ անկանոն կրակ բանալու մէջ», խոստանալով այսուհետեւ ըստ այնմ վարուիլ: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան հարցերու նախարարը իր կարգին պահանջեց «անյապաղ յարձակիլ Լիբանանի վրայ եւ չկորսնցնել յարմար առիթը»: Իսկ ընդդիմութեան առաջնորդ Եաիր Լափիտ կարծիք յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը կորսնցուցած է երկրին հիւսիսային շրջանը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՈՒՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Next Post

ՊՈՒ ՀԱՊԻՊԷՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ

Next Post

ՊՈՒ ՀԱՊԻՊԷՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.