Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան:
Արեւը չ’ըսեր «բարե՛ւ»,
Ի՜նչ տեսակ արեւ է սա.
Ամպերն են եկել պատեր
Ու կապոյտ երկինք չկայ:
Կը քալես, մարդիկ – այր, կին,
Չեն տեսներ իրար կարծես.
Թէ տեսաւ մէկը միւսին՝
Ու հեռուէն ըրաւ բարեւ,
Հեռացա՜ւ մի՛ւսը արդէն
Պատասխան չառած լռին…:
Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան…:
Նոր պայթած արկի նման,
Ամէն ինչ իր հետ տարաւ
Ե՛ւ մաքուր ջուրը լերան,
Ե՛ւ ծաղկի բոյրը գարնան
Դէպի ծո՜վ, անսահմանին:
Կորան ու ետ չդարձան…
Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան…
Արեւը չ’ըսեր «բարեւ»:
Օրերը պատերազմ են.
Տխրութեան նման կու գան,
Օտարի նման կ’անցնին
Օրերը, օրերն անդարձ,
Ու յանկարծ կ’ըլլայ տարի:
Ու տարին կու գայ յանկարծ,
Մաղթանքներ կը բերէ բիւր.
Նոյն երգը կ’երգէ դարձեալ
Ու կրկի՜ն ԴԱՒՈՂ ՀԱՄԲՈ՛ՅՐ:
Սակայն դեռ բան մը կ’ապրի
Քնարի լարի նման,
Կ’երգէ իր երգերը հին –
Արեւը՝ երկինքը ի՛ր,
Գարունը՝ ամառը հիր:
Ներաշխարհ, Դուն չես մեռնիր
Որքան ալ անցնի տարի…
Որքան ալ վազքը իր հետ
Ուզածը առնէ տանի:
1999թ