Գիտենք, դարը արագութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուրեմն նիւթապաշտութեան անողոք ծաւալումին դարն է, ուր հոգեկան եւ իմացական արժէքներն ու դրսեւորումները մղուած են երկրորդ կամ երրորդ կարգի կարեւորութեան։ Արտադրողականութիւնն ու տնտեսական զարգացումը առաջնահերթ պահանջներ են դարձած բոլոր հասարակութիւններուն համար, զգենալով շուկայական առուծախի խելայեղ արշաւի բնոյթ, ուր մարդն ու մարդկային առաքինութիւնները նահանջի մէջ են ամէնուրեք։ Շուտ եւ ամէն միջոցի դիմելով հարստանալու անզսպելի տենչը հրապարակներու նոր «բարոյականութիւն»ն է: Դրամին գերապատուութիւնը կը բացայատուի ընկերային մեր բոլոր կառոյցներուն, մտածողութեան եւ հոգեբանութեան մէջ, շրջելով բարոյականի մեր բոլոր նորմերը: Շահան Շահնուրի հնչեցուցած ազգային ուծացումն ու նահանջը կը շարունակուի տակաւին եւ նոր թափ ալ կը ստանայ արտագաղթող բազմութիւններու նոր կարաւաններով։ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայութիւնը կ’ապրի ահաւոր նոր տագնապ մը. կը կորսնցնէ մարդկային իր ինքնուրոյնութիւնն ու մաքրութիւնը։ Կը նահանջէ Մարդը: Կ’եղծանուի հայ մարդուն բարոյական, ներքին դիմագիծն ալ:
Այս մթնոլորտին մէջ, սուտը, կեղծիքն ու խարդախութիւնը, աճպարարութիւնն ու շուկայիկ ճարպիկութիւնը սրիկայութեան հետ ձեռք-ձեռքի` դարձած են ընթացիկ, «ընդունուած» երեւոյթներ, որոնց պատճառով մեր նահանգային բանտերը լեցուած են հազարներու հասնող հայորդիներու բազմութեամբ։
Եւ տակաւին, դժբախտութիւնը հոն է, որ այս եղծանումը միայն մեր զանգուածին իւրայատուկ չէ։ Մեր «ընտրանի»ն ալ առողջ վիճակի մէջ չէ։ Փոխանակ անբասիրութեամբ օրինակ հանդիսանալու զանգուածներուն, ան ալ (բացառութիւնները միշտ յարգելով) վարակուած է փառքի, ցուցամոլութեան եւ չտեսութեան մոլուցքով մը նոր, որ կ’ուզէ, շատ անգամ, անարժանաբար, ձեռք ձգել տիտղոս ու պատուանշան, ցուցադրելու համար զանոնք բեմերուն վրայէն, դահլիճներու մէջ, փքուռոյց կուրծքերու վրայ, հրապարակո՛վ: Ե՞րբ ունեցեր ենք շքանշաններու այսքան առատութիւն, որմով այսօր կը պարգեւատրուին եւ կը պատւուին հազուագիւտ արժանաւորներու կողքին նաեւ անարժաններու փաղանգներ: Պետութիւն, եկեղեցի եւ կազմակերպութիւններ արշաւի ելած են այս տուուչութեան մարզէն ներս, եւ ձախ ու աջ, փոխան չես գիտեր ինչ ակնկալիքներու, շռայլօրէն եւ մրցակցաբար կը բաժնեն յարգամեծար եւ շլացուցիչ անուններով պատուանշաններ` այսպէսով արժեզրկելով իմաստն ու կշիռը այդ պատուանշաններուն, պարզապէս հասարակ զարդանշաններու վերածելով զանոնք։ Կարծէք չի բաւեր այս վհատեցնող երեւոյթը, երբ բառական թիւով «մտաւորական»ներ ալ, տակաւին դժգոհ՝ անարժանաբար իրենք իրենց հագցուցած այդ պատմուճանէն, կը ձգտին աւելիին, այս անգամ, դարձեալ ինքնամատոյց շուտիկութեամբ իրենց գլուխները զարդարելով չվաստակած նորատեսակ տիտղոսներու գլխարկներով:
Այսպէ՛ս, «Տիրոջ տաճար»ը ապականած է «փարիսեցիներով եւ վաշխառուներով»: Ո՞վ մտրակելով դուրս պիտի վտարէ զանոնք, մաքրելով մեր ազգային «տաճարն ու տունը», եթե ոչ մտաւորականութիւնը։ Որովհետեւ, սկզբունքով, միայն ան ունի բարոյական կշիռն ու գրիչի եւ խօսքի հզօր զէնքերը:
Շփոթի եւ խեղաթիւրումի այս օրերուն, սակայն, «մտաւորական»ի կոչումն ալ վտանգուած է եղծումով: Հասնող գրիչ շարժողին այնքան դիւրութեամբ կը շնորհենք մտաւորականի տիտղոսը, կը շռայլենք զայն ամէն փաստաբանի, բժիշկի, երկրաչափի, վարժապետի եւ կրօնաւորի, որոնք շատ յարգելի անձնաւորութիւններ ըլլալով հանդերձ, բնաւ մտաւորականներ չեն՝ բառին ճշգրիտ իմաստով։
Իսկ ո՞վ է մտաւորականը:
Նախ եւ առաջ, բառին ստուգաբանական արմատը` միտքն է, որմէ կը յառաջանայ մտածումը եւ մտածողը, ապա` մտաւորականը: Ա՛յն անձը, որ կը զբաղի մտածումով, այսինքն՝ իմացականութեամբ։ Իմանալ եւ մտածել։ Ան գործ չունի նիւթականի, ձեռային կամ որեւէ արհեստակցական, նոյնիսկ արուեստի գործունէութեան հետ։ Իրը` նախ իմանալ է: Ճանչնալ՝ մարդոց եւ հաւաքականութիւններու անցեալն ու ներկան, բարդ հոգեբանութիւնն ու մտածելակերպերը, անոնց արդի բոլոր հարցադրումները, ձգտումներն ու նպատակները, սխրանքներն ու սայթաքումները: Ապա այդ բոլորը համադրելով, վերլուծելով անցընելն է իր մտածողական բովին ընդմէջէն եւ յանգիլը յստակ գաղափարի եւ պատկերացումի։ Այսինքն ըլլալ ատակ տիրապետելու տուեալ կացութեան եւ իրադրութեան, կարենալ ստանձնելու համար իրեն վիճակուած ուղեցոյցի եւ առաջնորդի դերը։ Մտաւորականին հիմնական առաքելութիւնն է այս դերը, որ ի կատար ածելու համար ան պէտք է իր իմացական կարողութեան եւ ընկերա-փիլիսոփայական գիտելիքներու կողքին զինուած ըլլայ մանաւանդ նկարագրի լայներանգ առաքինութիւններով եւ բարոյական բարձր սկզբունքներով։ Քանի իրեն վիճակուած է մարդկութեան խիղճը դառնալու պարտաւորութիւնը: Արդարեւ, ան պարտի ըլլալ անշահախնդիր, ատակ՝ իր անձնական փառասիրութիւնները մոռնալու եւ ամբողջութեամբ նուիրուելու հաւաքականութեան (իմա` ընկերային, ազգային կամ համամարդկային) բարօրութեան եւ առաջընթացին իրագործումներուն։ Ան դեռ պիտի դառնայ անբեկ պաշտպանը արդարին, զրկուածին, խոշտանգուածին ու կաշկանդուածին։ Ախոյեա՛նը մարդկային բոլոր տեսակի արդար իրաւունքներուն` ընդդէմ բռնատիրական այլազան կառոյցներուն, որոնք կը ձգտին խլել եւ իւրացնել աշխարհի հասարակաց բարիքները։ Խօսքի, մտածումի, կարծիքի, խիղճի, հաւատամքի եւ այլ ընտրութիւններու ազատութեան անշեղ ձայնատարը ըլլալու պատիւը իրեն կը վիճակուի:
Ինք պիտի պատրաստէ նաեւ մարդկութեան ապագան, յաջորդ սերունդներուն համար անեղծ ու ապահով պահելով մեր աշխարհ երկրագունտը։ Այս առաքելութեան կարեւորութիւնը հետզհետէ կը շեշտուի, երբ ագահ մարդիկ եւ պետութիւններ ընչաքաղցութեամբ, ծուխով ու մուրով, թունաւոր կազերով եւ հիւլէական ամպերով ու թափօններով, ծառահատութեամբ եւ ջուրերու ապականութեամբ անշնչելի կը դարձնեն աշխարհը եւ կը վտանգեն նոյնիսկ մարդկութեան, բուսականութեան եւ կենդանական աշխարհի ներկայի գոյութիւնն իսկ:
Տակաւին, մտաւորականին ընդվզումին ու ձայնին պէտքը ունի մարդկութիւնն ու մեր ազգը, քաղաքագէտներուն անխիղճ սադրանքները մերկացնելու եւ դատապարտելու համար, ժողովուրդներու ինքնորոշման արդար դատերուն պաշպանութեան եւ խաղաղութեան ամէնուրեք հաստատման ի խնդիր։ Անշուշտ այս մարզէն ներս, հայ մտաւորականին վիճակուած է միշտ արթուն պահել մեր ազգային պահանջատիրութեան ոգին, վառ պահել մեր մեծ նահատակներուն յիշատակը, եւ աչալուրջ հսկել մեր նորակերտ պետականութեան պահպանումին եւ անաղարտութեան:
Ամփոփելով. մտաւորականը է՛ ու պիտի մնայ մշտարթուն պահակը մեր ազգային եւ մարդկային բոլոր յատկութիւններուն եւ առաքինութիւններուն, միանգամայն ըլլալով անխնայ ձաղկողն ու մտրակողը մեր յոռի բարքերուն եւ շեղումներուն։ Ան պիտի ըլլայ վաղուան հայութեան եւ մարդկութեան ռահվիրան։
Ծանօթ. սոյն յօդուածը արտատպուած է գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, թատերագիր եւ վիպագիր Սարգիս Վահագնի (Փաթափութեան) «Գրական համաստեղութիւն» հատորէն, Լոս Անճելըս, 2008: