Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ

August 21, 2024
in Միջազգային
0

 

Համաս շարժումը խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վերջին յայտարարութիւնները, ուր Պայտըն Համասը պատասխանատու կը համարէր Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու բանակցութիւներու ձախողութեան: «Պայտընի եւ նախարար Պլինքընի յայտարարութիւնները իրականութիւնը շեղող անհիմն պնդումներ են, որոնք չեն արտացոլեր իսկական զինադադար պահանջող Համասի կեցուածքը», յայտարարեց շարժումը: Համասի համաձայն, ամերիկեան յայտարարութիւնները կը բացայայտեն Իսրայէլին ամբողջական զօրակցութիւն եւ զիջում՝ ահաբեկիչ Նեթանիահուի նոր նախապայմաններուն: «Այն ինչ մեզի առաջարկուեցաւ անցնող օրերուն կը համարուի յեղաշրջում՝ 31 Մայիսին ինքնին Պայտընի կատարած առաջարկներուն», յայտարարեց Համաս՝ աւելցնելով, որ միշտ դրական վերաբերմունք ունեցած է եգիպտական միջնորդութեան նկատմամբ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին շեշտեց, որ Իսրայէլ երբեք պիտի չընդունի Կազայի պատերազմին վերջ տուող բանակցային առաջարկները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերահաստատեց, որ տակաւին աշխատանք կը տարուի Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ: Ան հաւաստիացուց, որէ բանակցային դիրքերը այսօր աւելի մօտ են, քան երբեք: Իսկ Արտաքին գործերու նախարարութեան արտաքին հարցերով բանբեր Սամուէլ Ուըրպըրկ վստահեցուց, որ Համաս որեւէ ապագայ պիտի չունենայ յետպատերազմեան Կազայի մէջ: Անոր խօսքով, այլ պաղեստինցիները պէտք է ընտրեն իրենց կառավարութիւնը: Խօսելով բանակցութիւններուն մասին, Ուրպըրկ բացատրեց, թէ Ուաշինկթըն ներկայացուցած է բանակցային տարակարծութիւնները յաղթահարող եւ հակամարտողներուն դիրքերը մօտեցնող առաջարկներ՝ միաժամանակ նկատի առնելով Եգիպտոսի մտահոգութիւնները:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՐԱՆԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒՆ

Next Post

ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ. «ՀԱՅԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԷՏՔ ԵՆ»

Next Post
ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ. «ՀԱՅԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԷՏՔ ԵՆ»

ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ. «ՀԱՅԵՐԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՊԷՏՔ ԵՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.