Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը վիրաւորող իր հերթական յայտարարութեամբ, Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ Հայաստանի ենթադրեալ դաշնակից ու միաժամանակ Ատրպէյճանի ռազմավարական գործընկեր՝ Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտըր Լուքաշենքօ ցաւ յայտնեց, որ «յետխորհրդային որոշ երկիրներ կը ձգտին շահ ստանալու Մոսկուայէն, փոխարէնը առաջարկելով ոչինչ»: Ռուսական հեռատեսիլի կայանի մը տրուած հարցազրոյցին մէջ, Լուքաշենքօ հարց տուաւ թէ «հայերը մեզմէ զատ որո՞ւն պէտք են»: Ան շարունակելով պատասխանեց իր հարցին եւ կարծիք յայտնեց, որ հայերը որեւէ կողմի պէտք չեն, ուստի Երեւանին առաջարկեց, որ տնտեսութիւնը զարգացնէ սեփական ներուժով: «Ինչ Ֆրանսա կամ Մաքրոն: Վաղը ան պիտի չըլլայ նախագահ եւ բոլորը պիտի մոռնան Հայաստանի մասին», պնդեց Պելառուսիոյ նախագահը: Ան վերահաստատեց նաեւ, որ Պելառուսիա մինչեւ վերջ Ռուսիոյ հետ նոյն նաւակին մէջ է, իսկ եթէ նաւը խորտակուի, ապա միասին պիտի խորտակուին: «Մենք այլ երկիրներու նման չենք թաքցներ մեր դաշնակցային յարաբերութիւնները», ըսաւ Լուքաշենքօ: