Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖԱՅՅԱՏ. «ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ ԱՄԵՐԻԿԱՆ Է»

August 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՖԱՅՅԱՏ. «ՅԱՆՑԱՒՈՐԸ ԱՄԵՐԻԿԱՆ Է»

 

 

Կը սպասուի, որ Լիբանան առաքուած ալճերական 30 հազար թոն վառելանիւթը հասնի 24 Օգոստոսին, որմէ ետք պիտի կատարուին տարրալուծական քննութիւններ, ապա բեռը յանձնուի ելեկտրակայաններուն՝ ելեկտրամատակարարումի ժամանակահատուածը բարձրացնելով օրական շուրջ վեց ժամի: Այս մասին յայտնեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ:

Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան շարունակական խնդիրներուն եւ քանի մը օր առաջ տիրած ամբողջական խաւարի լոյսին տակ սուր քննադատութիւններու եւ բազում անարգանքներու թիրախ դարձած Ֆայյատ ժխտեց իր գլխաւորած նախարարութեան պատասխանատուութիւնը այս հարցով եւ պնդեց, թէ յանցաւորը ամերիկեան պաշարումն է, որ Լիբանանը կը զրկէ վառելանիւթ ստանալու այլընտրանքային զանազան աղբիւրներէ: Ֆայյատ յիշեցուց, որ Յորդանանի ու Եգիպտոսի հետ կնքուած ուժանիւթային հակամաձայնութիւնը չէ գործադրուած Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան «Կեսար» պատժամիջոցներուն հետեւանքով:

Ռուսական «Սփութնիք»-ին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Ֆայյատ բողոքեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ճնշումները սկիզբը ունէին վարչական թիրախներ, ապա վերածուեցան ելեւմտականի եւ ապահովականի, որոնք կը վերաբերին Իսրայէլի անվտանգութեան:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵՔԱՅԻ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Next Post

ԻՐԱՆԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒՆ

Next Post
ԻՐԱՆԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒՆ

ԻՐԱՆԻ ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐՄԱՐ ՊԱՀՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.