Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար 3

August 20, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Բարունակ. Բարեւ Սամուէլ, ինչպէ՞ս ես:
Սամուէլ. Լաւ եմ, դուն ինչպէ՞ս ես:
Բարունակ. Լաւ եմ, բայց շուարած եմ: Ինչպէ՞ս բացատրենք անցեալ տարի 7 Հոկտեմբերին Համասի «Աքսայի փոթորիկը» կոչուող ռազմական գործողութիւնը եւ իսրայէլացի քաղաքացիներու ու զինուորականներու առեւանգումը,  որուն դէմ Իսրայէլ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւն մը սկսաւ՝ ազատագրելու «գերիները»: Պատերազմը մինչեւ այսօր կը շարունակուի, ոչ Համաս կրցաւ Իսրայէլի բանտերուն մէջ գտնուող իր անդամները փոխանակել «պատանդներուն» դիմաց, ոչ ալ Իսրայէլ կրցաւ վերադարձնել Համասի մօտ գտնուող «գերիները»: Կազայի հատուածը ամբողջութեամբ կործանուած է, միլիոնաւոր մարդ ծայրայեղ թշուառութեան մէջ կ’ապրին, 40.000-է աւելի զոհ կայ, որոնց մեծ մասը կիներ ու երեխաներ են, Իսրայէլ ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործէ: Իսկ միւս կողմէն Իրան իր ամբողջ կողմնակիցներով մխրճուած է պատերազմին մէջ:
Սամուէլ. Իմ բարի ընկեր, սիրելի Բարունակ, իմ կարծիքովս

1) «Աքսայի փոթորիկը» գործողութիւնը, որուն հեղինակը Եահիա Սընուարն էր, լարուած ծուղակ մըն էր Համասին: Պատահածը անտրամաբանական դէպք մըն էր, մանաւանդ երբ այսօր կը տեսնենք Իսրայէլի հետախուզական  եւ արհեստագիտական կարողութիւնները:

2) Իսրայէլի քարոզչութիւնը յաջողեցաւ այդ գործողութիւնը որպէս պատրուակ ծառայեցնելու՝ Կազան «մաքրելու» եւ Համասի ղեկավարները սպանելու, բացի Եահիա Սընուարէն, որ «Աքսայի փոթորիկը» գործողութեան հեղինակն ու ղեկավարն էր: Հոս երկու մեծ հարցման նշաններ կը նշմարեմ:
ա) Իսրայէլ ինչպէ՞ս Թէհրանի մէջ գտաւ եւ սպաննեց խիստ պաշտպանուած Հանիէն, իսկ ժողովուրդին մէջ պտըտող Սընուարը չգտաւ…
բ) Հանիյէի սպանութեան յաջորդ օրը Իսրայէլի համար գլխաւոր թիրախ հանդիսացող՝ Կազայի փլատակներուն մէջ «թաքնուած» Սընուարը ընտրուեցաւ Համասի ղեկավար:

3) Իրանը տարածաշրջանային պետութիւն է, իր ազդեցութեան տակ առած է Լիբանանը, Սուրիան, Եմէնը եւ Իրաքը: Գաղտնիք չէ, որ Իրանի ծաւալումը կը հակասէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կենսական շահերուն:

Ուրեմն, Իմ բարի ընկեր Բարունակ, այս բոլոր դաւադրութիւնները նոյն մութ սատանայական ատեաններէն կ’ելեն, ուր որոշուեցան եւ գործադրուեցան բոլոր մարդկութեան դէմ ոճիրները, սկսեալ Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօրուան ցեղասպանութիւնները: Այդ մութ սենեակերուն մէջ նստած, մարդու կերպարանք ունեցող երկոտանիները Աստուծոյ պատուիրաններով կը խօսին, բայց անոնց տէրը ոսկին է, եղբայրութեան մասին կը ճառեն, բայց մարդկային դիակներով կը սնուին եւ ժողովուրդներ թշուարացնելով կը զուարճանան:

Մենք Պաղեստինի ժողովուրդին պետութիւն ունենալու արդար իրաւունքին հետ ենք: Պաղեստինի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչը Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնն է: Մենք կը դատապարտենք իսրաէլեան բանակին կատարած բոլոր չարդարացուած ոճիրները եւ զաւթիչ գործողութիւնները:

Նշմարեց՝

Սամուէլ Ղազարեան

 

Share61Tweet38
Previous Post

Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Next Post
ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.