Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

August 20, 2024
in Գաղութային
0
Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով  Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

 

Շատ բնական հետեւողականութեամբ մը, Դամասկոսի ու Հալէպի քոյր շրջաններէն ետք, սպասելի էր, որ Պէյրութի մէջ ալ ստեղծուէր Հ.Մ.Մ.ի սկաուտական շարժում։ Ինչպէս եղած էր Մայր միութեան հիմնադրութիւնը։ Արդարեւ, այդ օրերու շրջանի ղեկավար ընկերներու՝ Բիւզանդ Կիլիկեանի եւ Սեպուհ Եղիազարեանի նախաձեռնութեամբ, եւ իրենց ու նմաններուն հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ կը յաջողուի կազմել, 1936-37 տարեշրջանին, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական առաջին խումբը, խմբապետութեամբ ընկ. Յարութիւն Օհանեանի: Արտակարգ խանդավառութեամբ` պատանիներ եւ երիտասարդներ կը փութան արձանագրուիլ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան, համախմբուիլ անոր դրօշին տակ եւ հպարտութեամբ կրել անոր տարազն ու կապել կարմիր-ճերմակ փողկապը։

Խմբապետ Յարութիւն Օհանեանի արտասահման մեկնումէն ետք զինք կը փոխարինէ Ընկ. Երուանդ Մուսխաճեան մինչեւ 1940 թ., երբ այդ ընկերը եւս, ուրիշ շատ Հ.Մ.Մ.ականներու կարգին, կը հայրենադարձուի: Ուստի, խմբապետի պաշտօնին կը հրաւիրուի Ընկ. Արամ Օհանեան, անմիջական օգնականներ ունենալով Կարապետ Պալըգճեանը, Յովհաննէս Ֆիրենկիւլեանը եւ Տիգրան Սարաֆեանը։

Մինչ այդ արդէն, Դամասկոսէն գալով, Պէյրութ հաստատուած էր վաստակաւոր սկաուտապետ ընկ. Վահան Մխիթարեանը: Վ. Մխիթարեան իր ունեցած փորձառութեամբ, մեծապէս օգտակար կ’ըլլայ սկաուտական շարժումի կազմակերպման եւ յառաջդիմութեան։

Հետագային, երբ Լիբանանի շատ մը շրջաններու մէջ Հ.Մ.Մ-ի սկաուտութիւնը իր մասնաճիւղերը ունեցաւ, Կեդրոնական վարչութեան որոշումով իրեն վստահուեցաւ Լիբանանի շրջանի ընդհանուր խմբապետի պաշտօնը։ Ան ձեռնհասօրէն վարեց իր պաշտօնը մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը՝ 1960 թուականը։

Պէյրութի սկաուտական շարժումը տակաւ կ’աճէր, կը բարձրանար եւ կը յառաջդիմէր թէ՛ քանակով եւ թէ՛ իր ենթաբաժիններով, որոնց գլխաւորը կազմեց փողերախումբը, որ նոր ոգեւորութիւն պատճառեց Միութեան անդամներուն և ժողովուրդին։ Եւ գրեթէ նոյն՝ 1938–39 թուականներէն սկսեալ, իրար ետեւէ, Հ.Մ.Մ.-եան սկաուտական միաւորներ կը կազմուին Ճիւնիի, Անդր-Նահարի, Համմանայի, Զահլէի, Պաալպէքի եւ Պէյրութի Մազրաա թաղին մէջ։

Ծանօթ. Քաղուած՝ Տիգրան Սարաֆեանի «Հայ մարմնամարզական միութեան պատմութեան հետքերով…» հատորէն, Լիբանան – 2007:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱԼԷՊ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Next Post

Նշմար 3

Next Post

Նշմար 3

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.