Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱԼԷՊ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

August 20, 2024
in Յօդուածներ
0
ՀԱԼԷՊ  ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

 

ՀԱԼԷՊԻ Հ.Մ.Մ.-Ի ԱՌԱՋԻՆ ԽՄԲԱՆԿԱՐՆԵՐԷՆ

Լուսանկարին տէրը Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի (1991-ին) խմբապետ՝ 81-ամեայ Վարդան Վարդանեանն է, որուն հետ բախտը ունեցայ հանդիպելու, զրուցելու եւ քանի մը արժէքաւոր նկարներ ստանալու 33 տարի առաջ՝ 19 Յունիս 1991 թուականին, Հալէպի իր բնակարանը, Սլէյմանիյէ:

Կը պատմէ «Հ.Մ.Մ.-Հալէպ»ի նախկին խմբապետ, հացագործ Վարդան Վարդանեանը.

«Հ.Մ.Մ.» նախապէս կը կոչուէր «Արարատ»: Խումբը կազմուած էր 1890-ականներուն Կիլիկիոյ Այնթէպ քաղաքին մէջ եւ տեղի այլ խումբերու դէմ ալ մրցումներ կը խաղայինք: Երբեմն մրցումները կիսատ կը մնային կարկտան միակ գնդակին պայթելուն պատճառով: Մրցումը կը շարունակուէր լաթերով փաթթուած գունդով: Երբ հայերը 1921-ին Այնթապէն գաղթեցին, անոնց մեծ մասը հաստատուեցաւ Հալէպ: «Արարատ» ֆութպոլի խումբը՝ նոյնպէս: Կարճ ժամանակ մը ետք «Արարատ» վերամկրտուեցաւ Հ.Մ.Մ. անունով, դառնալով Հայ մարմնամարզական միութեան կորիզը:

Այս լուսանկարէն կը յիշեմ խումբին մարզիչը, ոտքի՝ ձախէն առաջինը՝ Ատուր Համալեան: Դարձեալ ոտքի կեցողներէն ձախէն երրորդը բերդապահ Գէորգն է (Եորկի): Երկրորդ շարքէն երկրորդը՝ խմբապետ Վարդան Վարդանեան, ձախ կողմս՝ եղբայրս՝ Աւետիս Վարդանեանն է: Ես 18 տարեկան էի: Այս լուսանկարը նկարուած ենք 1929-1930 թուականին Հալէպ, Ֆօթօ Կիւլէսէրեանի լուսանկարչատան մէջ, Խանտաքի մօտ:

 

ՀԱԼԷՊԻ Հ.Մ.Մ.-Ի 1958-1959 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԸ

Այս արխիւային լուսանկարը ստացայ 29 Ապրիլ 1990 թուականին, Հալէպի ծանօթ ազգային, Կիլիկեան շրջանակի նախկին խնամակալ, Նոր գիւղի «Կիլիկեան» վարժարանի երկարամեայ հոգաբարձու, Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլիստ ընկեր Յովհաննէս Հաճեանէն, որուն հետ զրոյց մըն ալ արձանագրեցի այս լուսանկարին հետ առնչուող դէպքերուն շուրջ:

Կը պատմէ 1959-ի «Հ.Մ.Մ.-Հալէպ»ի յառաջապահ Յովհաննէս Հաճեանը (Ապու Աստուր):

1959-էն 1961 թուականներուն Հ.Մ.Մ.-ի խումբին մաս կազմած եմ: Ախոյեանութեան միւս խումբերէն կը յիշեմ, «Վասպուրական»ը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, «Նատի Արապ»ը, սիրիանիներուն խումբը եւ նորաստեղծ «Ահլի»ն: 1959 թուականին Հ.Մ.Մ.-ի մարզական յանձնախումբը կը բաղկանար հետեւեալ ընկերներէ՝ Անդրանիկ Չպուքճեան, Յովհաննէս Մկրեան, Անթուան Իսթանպուլի, Մեսրոպ Մեսրոպեան եւ Տիգրան Չաքմաքճեան: Փորձերը կը կատարէինք «կառավարական», «շամբանիա»ի եւ «վիլլաներ»ու քարքարոտ դաշտերուն վրայ: Երբեմն գիշերը դարպասին տակ կը քնանայի ուրիշներէն առաջ հերթ բռնելու, դաշտին «տէրը» դառնալու եւ առաւօտեան փորձը իրականացնելու համար:

Թուարկածս անուններէն բացի, պէտք չէ մոռնալ Հ.Մ.Մ.-ի նախկին ատենապետ ընկեր Հաճի Յակոբ Սինանեանը, Աւետիս Էքմէքճեանը՝ «Սուրիական մամուլ»ի տնօրէն, որոնք նաեւ նիւթականով օգտակար եղած են Հ.Մ.Մ.-ի ֆութպոլի խումբին:

Այս նկարին մէջ ձախէն աջ կ’երեւան՝ բերդապահ Իլիաս Տինտար, յետսապահներ՝ Գրիգոր Անուշեան, Յակոբ Չամիչեան եւ Յակոբ (?), միջնապահներ՝ Ճորճ Գալայճեան, Պետրոս Թաշճեան եւ Յարութ Պօղարեան, յարձակողներ Անդրանիկ Աշճեան, Մանուկ Վարդանեան եւ Յովհաննէս Հաճեան: Հետագային խումբին միացան նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի խմբապետ Յակոբ Գզըլկէօզեանը (Չօմալիքօ), Մուրատ Մուրատեանը (Սամպա) եւ Լեւոնը:

1960 թուականէն սկսեալ հիմնուեցաւ «Ալ-շըրթա» ֆութպոլի խումբը եւ դժբախտաբար կամաց-կամաց հայ խաղցողները նիւթապէս հրապուրելով սկսան ներգրաւել ոչ-հայ խումբերէն ներս: Այսպիտով հայկական բոլոր խումբերը սկսան տկարանալ:

 

Նազօ Ճ.

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻԱԿ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ

Next Post

Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով  Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հ.Մ.Մ.ի պատմութեան հետքերով Հ․Մ․Մ․ԵԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.