Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ «ՀՀ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՄԱՆ»

August 20, 2024
in Հայաստան, Միջազգային
0
ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՅԱՅՏՆԱԾ Է, ՈՐ «ՀՀ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՈՉԸՆԴՈՏԷ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՄԱՆ»

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է վերացնէ ապագային երկիրներուն միջեւ տարածքային խնդիրին վերադառնալու բոլոր հնարաւոր վտանգները։ Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։

«Մեզի համար գլխաւոր խնդիրն այն է, որ բոլոր տարածքային պահանջները, որոնք գոյութիւն ունին, պէտք է ամբողջութեամբ վերացուին, եւ փաստաթուղթը, իտէալականը խաղաղութեան պայմանագիրը, պէտք է վերացնէ բոլոր հաւանական վտանգները, ապագային այս հարցին հաւանական վերադարձը»,- ըսած է Պայրամով։

Անոր խօսքով՝ գործընթացը աւարտին հասցնելու հիմնական խոչընդոտը այն է, որ «Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը եւ երկրի Սահմանադրութիւնը տակաւին տարածքային պահանջներ կը պարունակեն Ատրպէյճանի նկատմամբ», ինչ որ անընդունելի է Ատրպէյճանի համար։

Պայրամով նաեւ յայտնած է, որ Ռուսատտանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերը՝ 2020 թուականին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման գործին մէջ, եղած է առանցքային․

«Արդիւնքը 2020թ․ Նոյեմբեր 9-10-ի եռակողմ համաձայնագիրն էր»,- ըսած է ան՝ յաւելելով, որ 2020-22 թուականներուն յետհակամարտային կարգաւորման շրջանակներուն մէջ ռուսական կողմին մասնակցութեամբ բազմաթիւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են։

Պայրամով նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը նպատակաուղղուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն հայկական կողմին՝ տասնամեակներով թելադրած «բոլոր անհիմն պահանջները» պէտք է ամբողջութեամբ վերացուին. «Ատիկա պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ յայտարարութիւններու մակարդակով, այլ արտացոլուի իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած ձեւերով»։

Պայրամով նաեւ ընդգծած է, որ իրենց համար ռուսական հարթակը միշտ ընդունելի եղած է, եւ ան մեղադրած է Հայաստանը անոր համաձայնութիւն չտալու մէջ։

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՄՈՍԿՈՒԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ» ԸՍԱԾ Է ՓՈՒԹԻՆ

Next Post

ՀՀ-Ի ՄԷՋ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 3000-ՐԴ ՊԱՐԵԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է

Next Post
ՀՀ-Ի ՄԷՋ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 3000-ՐԴ ՊԱՐԵԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է

ՀՀ-Ի ՄԷՋ ԵՄ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ 3000-ՐԴ ՊԱՐԵԿՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.