Հայաստանի Հարապետութեան մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իր 3000-րդ պարեկութիւնը նշած է։ Այս մասին ըսուած է X-ի մէջ կատարուած առաքելութեան գրառման մէջ:
«Կիրակի պարեկային խումբը Ջերմուկի տարածքին բարձրացած է 3000 մեթր՝ այնտեղ իրավիճակը դիտարկելու եւ զեկուցելու։ Մենք պարեկութիւն կ’իրականացնենք Եղէգնաձորի, Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Մարտունիի եւ Իջեւանի 6 յառաջապահ յենակէտերէն»,- ըսուած է գրառման մէջ։