Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՄ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

August 20, 2024
in Հայաստան
0
ԵՄ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

 

 

Սեպտեմբերին պիտի սկսի «Ժողովրդվարական ուժերու հարթակ»-ին նախաձեռնած Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցելու հարցով ստորագրահաւաքը. այսօր հրաւիրուած ասուլիսին այս մասին յայտնեց «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը։

«Անոր համար ձեւաւորուած է նախաձեռնող խումբ։ Օրէնքը կը պահանջէ, որ նախաձեռնող խումբին մէջ ըլլայ առնուազն 25 անդամ։ Մեր մօտ, եթէ չեմ սխալիր, անդամներուն թիւը 50-ի կը հասնի։ Նախաձեռնող խումբը իր մէջէն կ’ընտրէ լիազօր ներկայացուցիչ, որ խումբին անունով հանդէս պիտի գայ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ։ Ստորագրահաւաքէն յետոյ նաեւ հանդէս պիտի գայ Ազգային ժողովի Պետաիրաւական յանձնաժողովին մէջ՝ ներկայացնելով զայն։ Եթէ Պետաիրաւական յանձնաժողովը հաստատէ, յետոյ նաեւ ԱԺ լիագումար նիստին պէտք է ներկայացնէ նախաձեռնութիւնը»,- մանրամասնեց Սարգսեանը։ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահը յայտնեց, որ նախաձեռնող խումբը լիազօր ներկայացուցիչ նշանակած է Արտակ Զեյնալեանը։

«Մեզի խօսակցութիւններ կը հասնէին, որ իշխանութեան բացարձակ ձեռնտու չէ, որ 50 հազար ստորագրութիւն հաւաքենք եւ իրենք ալ մերժեն։ Մենք նախաձեռնութիւնը ծայր աստիճան անխոցելի ըրած ենք, որ ԿԸՅ-ն չմերժէ»,- նշեց ան։

Եթէ Հայաստանի 50 հազար քաղաքացիի ստորագրութիւն հաւաքուի, ապա, համաձայն Սահմանադրութեան, հարցը պիտի մտնէ Ազգային ժողովի օրակարգ։ Չընդունուելու պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 300 հազար ստորագրութիւն՝ նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար։

Յիշեցնենք, որ 21 Յունիսին ժողովրդավարական ուժերուն նախաձեռնութեամբ ԵՄ-ին Հայաստանի անդամակցելու հարցով հանրաքուէ կայացնելու հարցով նաեւ տեղի ունեցած են խորհրդարանական լսումներ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ժողովրդավարութեան հայկական համագումար»-ին ժամանակ ըսած էր, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցով հանրաքուէ կայացնելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, քանի որ «գիտէ ժողովուրդին կարծիքը»։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓՈՒԹԻՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ»

Next Post

«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՒԱԿԱՆԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՆ ԵՒ ՍԵՐՏ» Կ’ԸՍԷ ՔԱՆԱՆԻ

Next Post
«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՒԱԿԱՆԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՆ ԵՒ ՍԵՐՏ» Կ’ԸՍԷ ՔԱՆԱՆԻ

«ԻՐԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՒԱԿԱՆԻՆ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՆ ԵՒ ՍԵՐՏ» Կ'ԸՍԷ ՔԱՆԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.