Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈՒԹԻՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ»

August 20, 2024
in Միջազգային
0

 

 

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ «Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը կը բխի շրջանի բոլոր պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն բուն շահերէն»: Ան կը խօսէր Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննարկուած նիւթերուն մասին:

Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի իշխանութիւնը ամբաստանեց Սիւնիքի մարզով հաղորդակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը խափանելու մէջ: Դիտել տալով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ մասին համաձայնագիր ստորագրած էր, Լաւրով հարց տուաւ, թէ այսօր ինչ է փոխուած դիրքորոշումին պատճառը:

Նոյն ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով  յայտնեց, որ Պաքուն բաց է բանակցային հոլովոյթին համար՝ ըլլայ այդ ուղիղ երկկողմանի ձեւաչափով, կամ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: Նախարարը սակայն պահանջեց, որ «հայկական կողմը իր բոլոր պահանջները վերացնէ ոչ թէ խօսքով, այլ՝ իրաւական հիմնաւորուած ձեւով»: Անոր համաձայն, խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է վերացնէ ապագային երկիրներու միջեւ տարածքային խնդիրին վերադառնալու հնարաւոր բոլոր վտանգները:

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ

Next Post

ԵՄ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Next Post
ԵՄ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

ԵՄ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.