Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ

August 20, 2024
in Միջազգային
0
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹ

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կարծիք յայտնեց, որ տակաւին հնարաւորութիւն կայ վերջ տալու պատերազմին եւ յայտարարելու զինադադար, իսկ արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն ահազանգեց, թէ բանակցային այս փուլը գուցէ ըլլայ զինադադար յայտարարելու վերջին առիթը:

Համաս շարժումը միւս կողմէ դժգոհեցաւ, թէ Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու բանակցութիւններուն նորագոյն առաջարկը կը համապատասխանէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նախապայմաններուն, որ մասնաւորաբար կը մերժէ վերջնական զինադադարը եւ Կազայի բոլոր շրջաններէն ամբողջական նահանջը: Շարժումի բանբեր Ժիհատ Թահա վստահեցուց, որ Իրան ու Հըզպալլա իրաւունք ունին հակադարձելու իսրայէլեան ոճրագործութիւններուն: Խօսելով բանակցութիւններու ընթացքին մասին, Թահա կարծիք յայտնեց, որ անոնց հարցով դրականութիւն սփռելու նպատակն է մեղմել տարածաշրջանային լարուածութիւնը: Թահա սակայն բողոքեց, որ իսրայէլեան կողմը բանակցային իւրաքանչիւր փուլին կ’առաջադրէ նոր նախապայմաններ, պահանջելով ներկայութիւն ունենալ Կազա-Սինայի անապատ սահմանային 14 քիլոմեթրանոց Ֆիլատելֆիա ճակատին եւ Ռաֆահի անցակէտին վրայ, նաեւ վեթօ դնելով որոշ գերիներու ազատ արձակումին դէմ: «Մենք կը պահանջենք գործնական քայլեր, ոչ միայն խօսքեր», ըսաւ Թահա՝ անդրադառնալով համաձայնութեան յանգելու հնարաւորութիւններուն: Իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ գիշեր հաղորդեցին, որ բանագնացներու պատուիրակութիւնը ապարդիւն վերադարձած է Եգիպտոսէն՝ Ֆիլատելֆիա ճակատին հարցով համաձայնութեան չյանգելու լոյսին տակ: Ըստ տեղեկութիւններուն, Գահիրէ մերժած էր Թել Աւիւի պահանջը՝ սահմանային այդ հատուածին մէջ մնալու առնչութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՐԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊԱՀԷ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Next Post

ՓՈՒԹԻՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ»

Next Post

ՓՈՒԹԻՆ. «ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԽԻ ԲՈԼՈՐԻՆ ՇԱՀԵՐԷՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.