Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ «ԶԳԱԼԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄԻ» ԽՈՍՏՈՒՄ

August 20, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ «ԶԳԱԼԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄԻ» ԽՈՍՏՈՒՄ

 

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ յայտնեց, որ ելեկտրամատակարարումի բարելաւումը զգալի պիտի ըլլայ յառաջիկայ շաբթուայ առաջին օրերէն սկսեալ՝ ելեկտրակայաններու ամբողջական գործարկումէն ետք: Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ տեսակցելէ ետք, Ֆայյատ վարչապետարանէն յայտարարեց, թէ արծարծած է ելեկտրականութեան նորագոյն ճգնաժամին պատճառներն ու մանրամասնութիւնները, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Միքաթիին, որ սատարած էր խնդիրի լուծումին՝ անձնական ջանքերով վառելանիւթ ապահովելով քարիւղային ենթակառոյցներէն, ուրկէ իրաւասութեան բացակայութեան պատճառով նախապէս չէին կրցած կայացնել համապատասխան որոշումները: Ֆայյատ բողոքեց, թէ պետական որոշ հաստատութիւններու մէջ կան որոշումներ կայացնելու ընթացակարգի եւ իրաւասութեան հարցեր, որոնք քաղաքացիներուն համար դուռ կը բանան յաւելեալ գլխացաւի: Ֆայյատ յիշեցուց, որ ամբողջական խաւարէն խուսափելու համար ինք առաջարկած էր վառելանիւթ փոխ առնել բանակի պահեստէն կամ քարիւղային ենթակառոյցէն, սակայն յայտնուած էին բարդոյթներ: Միքաթի իր կարգին յայտնեց, որ յուշագիր յղած է Քննադական կեդրոնական խորհուրդին՝ պահանջելով իսկոյն հետաքննել անցնող օրերուն ելեկտրամատակարարումի ամբղջական խափանումը եւ բացայայտել պատճառներն ու պատասխանատուները:

Իրաքի կառավարութեան բանբեր Պասէմ Աուատի հերքեց, թէ Պաղտատ կը դադրեցնէ Լիբանանին քարիւղ մատակարարել, յստակացնելով որ վառելանիւթի մատակարարումը կը դիմագրաւէ որոշ աշխատանքային դժուարութիւններ՝ մանաւանդ բեռնափոխադրութեան ոլորտին մէջ: «Ընդհակառակը, Իրան յանձնառու կը մնայ քարիւղային հարցով Լիբանանի հետ կնքուած համաձայնութեան: Մենք յանձնառու կը մնանք եղբայրական Լիբանանին օգնելու սկզբունքին», ըսաւ Աուատի՝ աւելցնելով, որ Լիբանանին կողքին կանգնիլը իրենց համար պարտականութիւն է: Բանբերը ապա հաւաստիացուց, որ քարիւղային հերթական բեռը շուտով պիտի ուղարկուի Լիբանան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – LALIGA

Next Post

ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԻ ԽԶՈՒՄԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈՂՈՔ

Next Post
ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԻ ԽԶՈՒՄԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈՂՈՔ

ՁԱՅՆԻ ՊԱՏԻ ԽԶՈՒՄԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲՈՂՈՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.