Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԲԱՐԴ ԲԱՆԱԿՑՈԻՒԹԻՒՆՆԵՐ

August 19, 2024
in Միջազգային
0
ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԲԱՐԴ ԲԱՆԱԿՑՈԻՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

 

Կազայի պատերազմը դադրեցնելու եւ անոր ընդարձակումը կանխելու նպատակով կը շարունակուին միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական ջանքերը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն այսօր պիտի ժամանէ Թել Աւիւ՝ շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները իսրայէլեան ղեկավարութեան հետ՝ յանգելու համար Կազայի պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ: Իսկ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարներ Տէյվիտ Լամի եւ Սթեֆան Սեժուրնէ յօդուածի մը մէջ բացատրեցին, թէ ինչպէս Կազայի մէջ զինադադարը կրնայ հարթել վերջնական խաղաղութեան եւ երկու պետութիւններու լուծումին ճամբան: Միջին Արեւելքին վիճակը որակելով շատ վտանգաւոր, նախարարները մտահոգիչ համարեցին Կազայի մէջ քաղաքացիներու սպանութիւնը եւ գերեվարումը, որոնց շարքին են բրիտանացիներ եւ ֆրանսացիներ եւս: Անոնք նաեւ զգուշացուցին Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մարտերուն վտանգաւոր հետեւանքներէն եւ ահազանգեցին, թէ տարածաշրջանը կանգնած է լայնածաւալ պատերազմի սեմին: «Ի տես այս իրավիճակին, մենք կ’ամրապնդենք մեր համագործակցութիւնը եւ կ’աշխուժացնենք դիւանագիտական ջանքերը», ըսին բրիտանացի եւ ֆրանսացի նախարարները՝ անդրադառնալով անցնող օրերուն Միջին Արեւելք իրենց կատարած այցելութեան եւ քննարկումներուն մասին:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ բարդ բանակցութիւններ կ’ընթանան տուն վերադարձնելու Համասի գերեվարած գերիները: Ըստ Նեթանիահուի, կան որոշ հարցեր, որոնց շուրջ կարելի է գտնել լուծումներ, սակայն այլ նիւթեր բոլորովին անքննարկելի են: Իսկ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն հաւաստիացուց, որ Իսրայէլ երբեք պիտի չհեռանայ Կազայէն մինչեւ իսրայէլացի բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը: «Մենք ապահովական տիրապետութեան տակ պիտի պահենք Կազան եւ անհրաժեշտութեան պարագային արագ պիտի միջամտենք», ըսաւ նախարարը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐՐՈՐԴ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. ԱՒԵԼԻ ԽԱՂԱՂ, ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ.  ԱՒԵԼԻ ԽԱՂԱՂ, ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. ԱՒԵԼԻ ԽԱՂԱՂ, ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻ ՃԻՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԻՐԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.