Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Կանաչներու կուսակցութիւնը որոշեց բժշկուհի Ժիլ Շթայնը առաջադրել որպէս նախագահի թեկնածու: Նշենք, որ 73 տարեկան Շթայն 2012-ին եւ 2016-ին եւս առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու անգամ փորձած էր դառնալ Մասաչուսեցի նահանգապետ: Բժշկուհին իր ընտրական նպատակներէն համարեց արտերկրի մէջ գործող ամերիկեան ռազմակայաններու մեծամասնութեան բակումը, եւ Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի զինամատակարարումի դադրեցումը: Նշենք, որ 5 Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեան առաջադրուած են նաեւ հանրապետականներու կուսակցութեան թեկնածու Տոնըլտ Թրամփը եւ ժողովրդավարներու թեկնածու Քամալա Հարիսը: