Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նշմար ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԺԳՈՀ Է ԱԼԻԵՒԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԷՆ, ԻՍԿ ԱԼԻԵՒ՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ

August 15, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Համաշխարհային Մուսուլման Եղբայրներ (Ալ Ուխուան Ալ մուսլիմին) քաղաքական գաղափարախօսութեան չյայտարարուած առաջնորդ՝ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան շռնթալից յայտարարութիւն մը ըրաւ 27 Յուլիսին, խօսքը ուղղելով Իսրայէլի պետութեան. «Մենք պէտք է այնքան ուժեղ ըլլանք, որ Իսրայէլ չկարողանայ այս գործերը ընել Պաղեստինի մէջ»: Ապա շարունակեց՝ ըսելով, որ «ճիշդ այնպէ՝ս ինչպէս որ Ղարաբաղ եւ Լիպիա մտանք, նոյն բանը անոնց հետ ալ կ’ընենք»:
Էրտողանի վերոնշեալ յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի եւ անոր անմիջական աւազակախումբին խոր դժգոհութիւնը առաջացուցած էր:
Պաշտօնական «Ատրպէյճան» թերթի 2 Օգոստոսին լոյս տեսած «Ղարաբաղի յաղթանակին հեղինակը փառապանծ Բարձրագոյն Հրամանատրն ու Ատրպէյճանի բանակն է» վերնագիրին տակ յօդուածագիրը սուր քննադատութեան կ’ենթարկէ Էրտողանը եւ թուրք քաղաքական գործիչներու տարբեր յայտարութիւնները եւ կ’աւելցնէ՝ ըսելով, որ «Ատրպէյճանի յաղթանակին արդիւնքները ամբողջ Թրքական աշխարհին կը պատկանին, բայց անոր հեղինակը իրենք չեն եւ անոնց շարքին Թուրքիան…»:

Շատ ծանր քննադատական ոճով երկարաշունչ յօդուածը կը գովաբանէ հայր եւ որդի Ալիեւներու «քաղաքական ուղին», նուաստացնելով «եղբայր կոչուած» Թուրքիոյ եւ թրքական ռազմական օժանդակութիւնը:
Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակները ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով կը հասկցնէին, որ Հայաստան–Թուրքիա սահմանի բացումին արգելք են Ալիեւները եւ իրենք դժգոհ են Ալիեւի շատ մը դիրքորոշումներէն:
Այս վերջին զարգացումներէն ետք յանկարծ լսեցինք, որ Հայաստան-Թուրքիա անցակէտին երկու կողմերուն վրայ պիտի հանդիպին յատուկ բանագնացներ՝ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Սերտար Քըլըչը:

Ինքզինք աշխարհիկ թրքութեան առաջնորդ ներկայացնող շիիթ Ալիեւի սերտ գործակցութիւնը  ինչքա՞ն երկար կը տեւէ իսլամական թրքութեան առաջնորդ սիւննի Էրտողանի հետ: Օրերը ցոյց կու տան:

«Երկու սատանայ մէկ դժոխքին մէջ չեն կրնար խաղալ»:

Նշմարեց՝

ՍԱՄՈՒԷԼ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Share61Tweet38
Previous Post

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՇԱՒՈՐԴ՝ ԿԱՐՕ ՊԱՐԱԽԵԱՆԸ

Next Post

ՏՈՒՄԱ

Next Post
ՏՈՒՄԱ

ՏՈՒՄԱ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.