Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՇԱՒՈՐԴ՝ ԿԱՐՕ ՊԱՐԱԽԵԱՆԸ

August 15, 2024
in Այլազան, Գաղութային
0
ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻՆ ՈՍՊՆԵԱԿԷՆ  ԿԸ ՊԱՏՄԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՐՇԱՒՈՐԴ՝ ԿԱՐՕ ՊԱՐԱԽԵԱՆԸ

Կարօ Պարախեան նոր անուն մըն է «Hiking»ի աշխարհին մէջ: Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ յաճախ իր կատարած արշաւներէն նկարներ կ’երեւան համառօտ տեղեկութիւններով: «Արարատ»ի էջերուն մէջ պիտի քաջալերենք Կարոյին նման արկածախնդրութեան սիրահար հայ երիտասարդներու արշաւային օրագրերը: Վերջապէս անոնք «Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ» լոզունգին գիտակից, իրենց հասակակիցներուն անուղղակիօրէն պատգամ մը կ’ուզեն հասցնել նաեւ: Հետեւաբար, շնորհակալութիւն, Կարօ: Անվտանգ արշաւներ կը մաղթենք:

Կը գրէ Կարօ Պարախեանը. Արշաւ Դէպի Մուխթարա – «Մազրաաթ էլ Շուֆ»:

Մուխթարան եւ Մազրաաթ էլ Շուֆը կը գտնուին իրարմէ փոքր հեռաւորութեամբ, Պէյրութէն 50 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, ծովու մակերեսէն 950 մեթր բարձրութեան վրայ: Բնակիչները հիմնականին մէջ տիւրզիներ եւ մարոնիներ են: Սա պատմական նշանակութիւն ունեցող վայր մըն է եւ յայտնի աւանդական ճարտարապետութեամբ եւ մշակութային ժառանգութեամբ: Օսմանեան կայսրութիւնը մօտ 400 տարի իշխած է այս շրջանին վրայ:

Ընդհանուր արշաւի երկարութիւնը 12 քիլոմեթր էր: Լեռնային շրջան էր եւ ամբողջ արահետը անցայ փարթամ անտառներու եւ գեղատեսիլ տեսարաններու մէջէն: Այս տարածքին վրայ փռուած են պատմական տարբեր ժամանակներու՝ խաչակիրներու, մեմլուքներու, օսմանցիներու եւ ֆրանսացիներու ճարտարապետական աւերակները, որոնցմէ շատերուն հանդիպեցայ արշաւիս ընթացքին: Տեսայ հնադարեան քարերով կառուցուած կամուրջներ, որոնք տակաւին կանգուն են, նաեւ՝ ալիւրի ջրաղացներ, 3-էն 4 հարիւր տարուան տնակներ, հոյակապ ջրվէժներ: Ասոնց մեծ մասը կը գտնուին «Պարուք» եւ «Ուատի էլ Մաա» գետերուն վրայ: Այս երկու գետերը իրար կը միանան «Պիրքէթ էլ Արուս»ի (Հարսին ճլակը) մէջ: Կը պատմուի, թէ ժամանակին գեղեցիկ հարս մը կար, որ կամուրջէն անցած ժամանակ սահած է ու գետին մէջ խեղդամահ եղած: Իր անունով գետը կոչած են «Պիրքէթ էլ Արուս»:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՈՉՆՉԱՑՈՒՑԱԾ Է ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՏՐՈՒԹԻ ՇՐՋԱՆԻ ՄՈԽՐԵՆԵՍ ԳԻՒՂԸ

Next Post

Նշմար ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԺԳՈՀ Է ԱԼԻԵՒԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԷՆ, ԻՍԿ ԱԼԻԵՒ՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ

Next Post

Նշմար ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԺԳՈՀ Է ԱԼԻԵՒԻ ՎԱՐՔԱԳԻԾԷՆ, ԻՍԿ ԱԼԻԵՒ՝ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.