Լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող, հասարակական գործիչ Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Տիգրան Գալայճեան), ծնած է 16 Սեպտեմբեր 1937-ին, Կիլիկիոյ Ալեքսանտրէթի (Սանճաք) մէջ: Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ:
* Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը:
* Ասպարէզով՝ մանկավարժ, վարած է Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութիւնը: Եղած է «Արարատ» օրաթերթի մշակութային էջի խմբագիր եւ Սփիւռքահայ գրականութեան դասախօս՝ Հիւսիսեան Հայագիտական ամպիոնին:
Գրական ասպարէզ մտած է 1960-ական թուականներուն։
* Աշխատակցած է «Նայիրի» երկշաբաթաթերթին, «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, «Շիրակ» ամսագրին, «Ահեկան» եռամսեային, «Էջեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերաթերթին, «Նայիրի» եւ «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթերուն, «Սովետական Հայաստան» ամսագրին։
* Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ է բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածուներու եւ բանաստեղծութիւններու:
* Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու:
* Անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան, Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին եւ քարտուղարութեան, «Կամար» եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն:
ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆՍ ՓՈՂՈՑԸ
Դրախտի պէս կը փնտռեմ
բոկոտն ոտքիս հպած-շփուած հերձող հողի
այն փողոցը,
որ հեռացած մանկութեանս անրջային
երազները կ’եղերերգէ…։
Ոսկիի պէս կը փնտռեմ…
ափերուս մէջ շաղախուած այն ցեխերը
մեր փողոցին,
որ կը բանան, կը ծակծկեն
թշուառութեան անառաստաղ տանիքները,
ուրկէ տեսած իմ աստղերս չէին պատմեր
ոչ մէկ հեքիաթ
ու առասպել լուսագագաթ…:
Մանկութեանս փողոցն հիմա առասպել է,
որ կը սուզուի անյայտութեան ջուրերուն մէջ.
կ’որոնէ զիս, ընկերներս` հին փողոցի ցեխին, ջուրին,
որոնցմէ հաց ու կարկանդակ
կը շինէինք մենք սուտական…
երազելով թարմ հացի պատառները անուշաբոյր…:
Փողոցին հողն ուտելով հողին համը համտեսեցինք…:
Ի՜նչ լաւ էր, որ ասֆալտով դեռ չէր խեղդուած
հողին բոյրն ու լոյսը թաքուն։
Հողն ուտելով, հողոտուելով կու գայինք տուն:
Պտղունց մը հող մեր ափերուն
քաղցրութիւն մը կը ծաւալէր շուրջի բոլոր հայեացքներուն…
ու նայուածքը մեր դեռ մանկութ հողին բունծով կը զօրանա՜ր։
– Չէիք գիտեր դուք դեռ հարկաւ
թէ փողոցի հողը չունէր ծառ ու արմատ,
բայց կ’աճէիք, կը մեծնայիք հողին ուժով կենսահիւթով…:
Ինքնաշարժներ չէին անցներ մեր մանկութեան փողոցներէն…
վախ չունէիք որ արկածէ կը մահանաք
կամ քարիւղի օդ շնչելով կ’ապականիք…
միայն մօտէն շոգեկառքը
Ֆշշոցներով,- փո՜ւֆ-փո՜ւֆ,- կ’անցնէր…
Փողոցը մեր աղքատ տունին շարունակուող տարածքն էր
կամ օթեւանն անհայրենիք տարաշխարհիկ տունկերուն…:
Անցորդները մեզի ծանօթ ու տարագիր
բայց հարազատ մարդեր էին,
որոնք ուրախ ու մերթ տխուր խտղտանքով
կ’ապշեցնէին…:
Վարձու առած հեծանիւով դրախտ դարձած մեր փողոցին
հողոտ-քարոտ ճամբաները կ’ակօսէինք…:
Վախը միայն մութն ու խաւարն էր փողոցին,
որ երբ կոխէր մուկերու պէս կը փախչէինք…
Ո՛չ փողոցը, ո՛չ տուները լոյս ունէին ելեկտրական,
մութին հետ սեւ ուրուները կարծես ելած կը պարէին…
Ուրուներէն հալածանքի հառաչները մէջս հանգչած դեռ կը ննջեն…:
Բայց մանկութեան փողոցը մեր, որ դրախտ էր
չքացեր է. «ֆօրում Պէյրութի» լոյսերը հոն
մեր տան տեղը դրախտի նոր պատրանքները կը թափթփեն.
ուրուները լոկ չեն մեռած ու կ’ապրին դեռ
նոր տէրերէն սահմռկուած…:
ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
1 Oգnuտnu 1999