Երեքշաբթի, 13 Օգոստոս 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչները հրաւիրուած էին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին գերապայծառ Գրիգոր եպիսկոպոս Բատիշահ ծանօթացուց յառաջիկայ 12 Սեպտեմբերին երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքի աճիւններուն Հռոմէն Լիբանան ժամանումին մասին մանրամասնութիւնները:
Ստորեւ, մեր յարգելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք գերապայծառ հօր արտասանած խօսքէն:
Սիրելի հայորդիներ,
Հաւաքուած ենք, այսօր, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ուրախութեամբ եւ անսահման հպարտութեամբ յայտարարելու համար Լիբանանի խորհրդանիշ, ազգային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն, Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կարտինալ, Աստուծոյ ծառայ՝ երջանկայիշատակ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքի աճիւններուն Լիբանան ժամանումին մասին։
Հետեւաբար, Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես պիտի ըլլայ Աստուծոյ ծառայ՝ Աղաճանեան կարտինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ պիտի համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, արտացոլացնելով ազգային միասնականութեան հանդէպ մեր հաւատքը: Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի նախագահութեամբ եւ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական ականաւոր գործիչներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, Կարտինալ Աղաճանեանի աճիւնները վեհաշուք թափօրով պիտի տեղափոխուին ու ամփոփուին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ, Տըպպաս հրապարակ, Պէյրութ։
Նշենք որ, 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի մէջ ընթացք առած էր Կարտինալ Աղաճանեանի երանացման դատը` մեծարման ուղին այն մեծանուն անձնաւորութեան, որ իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ եւ ծառայած՝ ազգին: Մենք այսօր կը դիմաւորենք անոր մաքրամաքուր մարմինը, որ պիտի հանգչի նորակառոյց եւ մշտական իր շիրիմին մէջ։
Այս պատմական իրադարձութիւնը կը թուի, թէ կու գայ ամբողջացնելու Ալ-Տուէյհի պատրիարքի երանացման գործընթացը, որ տեղի ունեցաւ 2 Օգոստոսին, քանզի երկուքն ալ լոյսի եւ հաւատքի փարոսներ էին: Անոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած էին եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:
Անհամեմատելի է Կարտինալ Աղաճանեանի դերը Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ան ձայնն էր բոլոր ճնշուածներուն, թիկունքը՝ անզօրներուն, եւ ջանասիրաբար աշխատած էր միաւորելու բոլոր լիբանանցիները, մերձեցնելու անոնց տեսակէտերը, հանդիսանալով բարոյականութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան տիպար մը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է բոլորին հոգիներուն մէջ։
Մեզի խոր պատիւ է ձեզ բոլորդ հրաւիրել եւ համախմբել՝ մասնակցելու եւ ապրելու համար այս ազգային եւ հոգեւոր տօնակատարութիւնը, յոյս ունենալով որ այս առիթը միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան արժէքները մարմնաւորելու հնարաւորութիւն կը հանդիսանայ մեր սիրելի հայրենիքին մէջ: Թող Կարտինալ Աղաճանեանի հաւատքի եւ սիրոյ ժառանգութիւնը ներշնչում դառնայ ապագայ սերունդներուն։
Շնորհակալութիւն բոլորին եւ ակնդէտ կը սպասենք խուռներամ մասնակցութիւն այս պատմական իրադարձութեան: