Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Տէյվիտ Լամի յայտնեց, որ այս պահը շատ զգայուն է պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ: Լամի նշեց, որ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ արծարծած է անյապաղ զինադադար յայտարարելու եւ վիճակը կայունացնելու կարեւորութիւնը, աւելցնելով որ պահը հասած է վերջ տալու բախումներուն: