Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՀԱՐԱՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

August 15, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ՀԱՐԱՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

 

Իսրայէլեան անօդաչու սարքերը երէկ ինքնաշարժ մը թիրախաւորեցին հարաւային Պարհաշիթ եւ Պէյթ Եահուն գիւղերուն միջեւ: Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու գրասենեակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ Պարհաշիթի մէջ ինքնաշարժի թիրախաւորումէն մահացած է երկու մարդ:

Հարաւէն տեղահանուածներուն օգնելու նպատակով, կրթութեան եւ բարձագոյն ուսումի նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ իրենք կարգ մը վարժարաններ յատկացուցած են տեղահանուածներուն եւ կ’ուսումնասիրեն որպէս ժամանակաւոր ապաստան անոնց պիտանելիութիւնը՝ պատերազմի բռնկումի պարագային:

Փաղանագաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը դատապարտեց «մերժելի պատերազմի համար լիբանանեան բոլոր շրջանները ապրող վահանի վերածելու քաղաքականութիւնը»: Դիտել տալով, որ միջազգային ընտանիքը կը մերժէ նիւթապէս օգնել հարաւէն տեղահանուածներուն յատկացուող եւ կործանուած կառոյցները վերակառուցելու ծախսերուն, կուսակցութեան առաջնորդ Սամի Ժմայէլ դիտել տուաւ, որ այս անախորժ վիճակին առաջին պատասխանատուն Հըզպալլան է, ապա՝ Լիբանանի գործող կառավարութիւնը, որ հրաժարած է իր պարտականութիւններէն եւ հրապարակը յանձնած է Հըզպալլային:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

Next Post

  ԶԳԱՅՈՒՆ ՊԱՀ

Next Post
  ԶԳԱՅՈՒՆ ՊԱՀ

  ԶԳԱՅՈՒՆ ՊԱՀ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.