Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

August 15, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

 

Մինչ Լիբանան այսօր կը նշէ 2006-ի Յուլիսեան պատերազմի աւարտին 18-ամեակը, շատերու մօտ կայ այն համոզումը, թէ երկիրն ու տարածաշրջանը կը գտնուին նոյնքան, եթէ ոչ աւելի մեծ առճակատումի մը սեմին: Նշեալ տպաւորութեամբ հանդէս եկողները նշում կը կատարեն մէկ կողմէն Իսրայէլէն, միւս կողմէ Իրանէն եւ Հըզպալլայէն արձակուող սպառնալիքներուն, որոնց յաճախ կը միանան դաշնակից ուժեր՝ աւելի եւս խորացնելով լիբանանցիներուն ամէնօրեայ մտահոգութիւնները: Երէկ երեկոյեան, լիբանանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի ու Հըզպալլայի հարուածները կը ձգձգուին՝ առիթ ընծայելով Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու կայացումին: Նշեալ բանակցութիւններուն ընթացքին կ’առաջարկուի Դիմադրութեան ճակատի հարուածը փոխարինել Կազայի պատերազմի աւարտով:

Իսկ Իրանի «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինուած ուժերը երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ կը կատարեն լայնածաւալ զինավարժութիւններ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ միւս կողմէ յայտնեց, որ իրենք ամէնօրեայ դրութեամբ մօտէն կը հետեւին Թեհրանէն ու Պէյրութէն կատարուող յայտարարութիւններուն եւ ըստ այնմ կը պատրաստուին բոլոր հաւանականութիւններուն՝ ներառեալ նախահարուած տալու հնարաւորութիւնը: Իսկ ընդդիմադիր առաջնորդ Պենի Կանց շեշտեց, որ «մենք գիտենք ինչպէս պիտի դիմանանք որեւէ յարձակումի պարագային, իսկ Իրանին ու Հըզպալլային վճարելիք գինը հսկայական պիտի ըլլայ»: Կանց միաժամանակ զգուշացուց Իսրայէլի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումի հաւանականութենէն:

Share61Tweet38
Previous Post

Next Post

  ՀԱՐԱՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Next Post
  ՀԱՐԱՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

  ՀԱՐԱՒԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.