Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

August 13, 2024
in Մարզական
0

«ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ».

ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐ ԳԻԼՈՅԵԱՆԸ՝ ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԳՕՏԵՄԱՐՏԻ ԲՈՂՈՔԱՐԿՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Փարիզի «Սթատ տէ Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ կայացած ամառնային 33-րդ Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրը եղած է յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ոսկէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի քառակի եւ Եւրոպայի եօթակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը ամփոփած է հայ մարզիկներուն մրցելոյթները, խօսած է Փարիզ-2024-ի կազմակերպչական հարցերուն, 28 Օգոստոսէն մեկնարկելիք Փարալիմպիկ խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Փարիզի մէջ գործող «Հայաստանի ողիմպիական տան» մասին:

Արդիւնքները՝ բաւարար

«Ողիմպիական խաղերը մարզական ամենադժուար իրադարձութիւնն են, որ կազմակերպիչներուն համար  կը դառնայ լուրջ փորձութիւն. հեշտ չէ ընդունիլ շուրջ 11 հազար մարզիկ, մեծ թիւով պատուիրակութիւններ, բազմամիլիոն երկրպագուներ: Կարծիքներն ու նախասիրութիւնները կրնան տարբեր ըլլալ, բայց սա ողիմպիական խաղեր են, այստեղ պէտք է խաղաղութիւն տիրէ, քանի որ ի սկզբանէ Ողիմպիական խաղերը ստեղծուած են պատերազմները դադրեցնելու գաղափարին շուրջ: Կազմակերպչական առումով, Փարիզի խաղերը, իմ կարծիքովս, լաւագոյններէն էին: Փարիզը կրցաւ սիրով ընդունիլ ողիմպիականները, եւ վստահ եմ՝ շատերուն համար այս խաղերը պիտի մնան որպէս լաւագոյն յիշողութիւն»,- կ’ըսէ Կարէն Գիլոյեանը:

Անդրադառնալով Հայաստանի մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքներուն՝ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալը կը նշէ, որ մեր 15 մարզիկներէն 3-ը, այսպէս կոչուած, «սպիտակ քարտով» կը մասնակցէին Ողիմպիական խաղերուն եւ անոնցմէ մետալներու ակնկալիք չկար, իսկ ընդհանուր արդիւնքները կը գնահատէ բաւարար:

«ՀՀ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն ու մշակած ռազմավարութիւնը չեն կրնար արագ արդիւնք տալ: Մարմնամարզին մէջ այսօրուան ներդրումը վաղը մետալի չի վերածուիր. անոր համար ժամանակ կը պահանջուի: ՀՀ կառավարութեան կողմէ մարզական ոլորտին մէջ վարուող քաղաքականութեան արդիւնքը այս պահին աւելի տեսանելի է պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւններուն մէջ՝ դատելով մետալներէն: Վստահ եմ, որ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք եւ Լոս Անճելըսի Ողիմպիական խաղերուն պիտի ունենանք յստակ յառաջընթաց: Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին պիտի ունենանք մասնագիտական վերլուծութիւններ, քննարկումներ, իսկ յետոյ պիտի աշխատինք ֆետերասիոններուն հետ՝ նախապատրաստուելով յաջորդ խաղերուն»,- կը վստահեցնէ փոխնախարար Գիլոյեանը:

 

Արթուր Ալեքսանեանի աւարտական գօտեմարտի բողոքարկման ընթացքին մասին

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալը անդրադարձած է նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի՝ իրանցի ըմբիշին հետ աւարտական գօտեմարտի բողոքարկման ընթացքին:

«Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը գրաւոր պատասխանած է՝ նշելով, որ մրցավարները ճիշդ դատած են:

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն, կցելով ֆետերասիոնի բողոքարկումը եւ Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի պատասխանը, դիմած է Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի բողոքարկման յանձնաժողովին: Առաջին արձագանգը հետեւեալն էր՝ «Ի լրումն ուղարկեցէք, թէ որ դրուագին ճշգրիտ ինչը կը բողոքարկուի»: Յառաջիկայ մէկ-երկու օրերուն յաւելեալ փաստեր պիտի ուղարկուին բողոքարկման յանձնաժողով: Մենք ունինք տեսագրութիւններ, ուր նոյն դրուագին համար՝ այլ գօտեմարտի մէջ, գորգէն դուրս եկողը զգուշացուցած են, իսկ հակառակորդին տուած են միաւոր: Այսինքն՝ ունինք փաստ, որ Արթուր Ալեքսանեանի պարագային եղած է ճիշդ հակառակ վերաբերմունք: Աւելի քան վստահ ենք, որ Արթուր Ալեքսանեանը այդ գօտեմարտին մէջ չէր պարտուեր, յատկապէս որ անկէ յետոյ որեւէ միաւոր չէ եղած, որեւէ գործողութիւն չէ եղած: Պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ, յոյսեր ունիմ, որ ազնիւ կը գտնուին եւ արդարութիւնը կը վերականգնուի»,- ըսած է Կարէն Գիլոյեանը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Next Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

Next Post
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԻ ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲԻ ՄԻՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.