Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2024-ի գիշերը, Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի բոլոր խմբակները համախմբուեցան Նոր Սերունդ մշակութային միութեան ակումբը, ուր Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան ատենապետ ընկ. Ճորճ Այնթէպլեան Հ.Մ.Մ.-ի դրօշակը փոխանցեց Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ, նաեւ բանակավայրի ընդհանուր խմբապետ` ընկ. Կարօ Մաթոսեանին.
Չորեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2024-ին, Հ.Մ.Մ-ի գայլիկ, մրջնիկ եւ սկաուտ-արենուշները մեկնեցան Քեսապ,
Տարեկան մեծ բանակում Քեսապ-2024։
Առաջին օր։
Բանակավայր ժամանելէ ամիջապէս ետք բոլոր խմբակները բարձր տրամադրութեամբ գործի լծուեցան եւ տեղի ունեցաւ սենեակներու բաժանումն ու դասաւորումը։
Գայլիկ-արծուիկներուն յայտագիրն ալ ճոխ էր օգտաւէտ դասախօսութեամբ և խաղերով, իսկ երեկոյեան հիմնական յայտագիրն էր «Pick a number» խաղը, որուն բոլոր խմբակները մասնակցեցան ճոխ երգերով եւ պարերով:
Իսկ խրախճանքէն ետք առաջին օրը աւարտելով յայտարարուեցաւ ճրագմար։
Երկրորդ օրուան յայտագիրը սկսաւ «Telematch» խաղով, որուն յաջորդեց “Google programmers” դասախօսութիւնը։ Իսկ երեկոյեան ինքնասպասարկում՝ «Self care»-ի մասին հետաքրքրական զրոյցէ մը ետք ճրագմար յայտարարուեցաւ։