Իրարայաջորդ սերունդներ… եւ Հ.Մ.Մ. կը շարունակէ իր երթը:
Կը շարունակէ քայլել, մերթ տաժանելի հանգամանքներու, երբեմն յուսահատեցնող իրավիճակներու, քաղաքա-տնտեսական սուր տագնապներու մշուշապատ թոհուբոհին ընդմէջէն:
Ու կը շարունակէ իր երթը հաստատակամ քայլերով, աւելի հմուտ եւ անյողդողդ, Միութեան 103-ամեայ դրօշը աւելի նորին, աւելի երիտասարդին աւանդելով: Մէկ դարէ աւելի Հ.Մ.Մ. պարզապէս մարզական վարպետութեան կամ տիտղոսներու նուաճման իտէալներէն վեր՝ Լիբանան հայրենիքին ծառայութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ամենակարեւորը երիտասարդութիւնը Մայր Հայրենիքին ընդելուզող ռահվիրանը դարձաւ:
Մինչ կը պատրաստուինք ընտրելու նոր վարչութիւններ, նոր առաջնորդներ, որոնք Հ.Մ.Մ.-ի աւանդը պիտի պատուով փոխանցեն գալիք սերունդներուն, պէտք է հպարտութեամբ յիշենք մեր անցեալի մասին եւ լաւատեսութեամբ նայինք դէպի առաջ:
Մասնաճիւղերու անդամական ժողովներ, նոր վարչութիւններու ընտրութիւններ, նոր եւ հին անդամներու վերանորոգուած անդամատոմսեր:
Ընդհանուր անդամական մասնաճիւղային ժողովները, վարչութեանց մէջ նոր երիտասարդ ուժերու մուտքի կենսատու առիթներ են, անոնց եռանդն ու ոգեւորութիւնը կը թարմացնեն կարաւաններու ծանրաշարժ ընթացքը: Անդամական արդիականացած տոմսերու բաժանումը այդ մէկը յուշող առաջին գործնական քայլն է կարծէք:
Ահա՜ առաջինը, հարիւրաւոր տոմսերէն պատահական մէկը՝ երիտասարդ Հ.Մ.Մ.-ական Ալեքս Սոմունճեանին պատկանող, որ խոստումնալից մարզիկ մըն է Հ.Մ.Մ.ի ֆութպոլի խումբէն ներս: Հպանցիկ բաղդատական մը կ’ընեմ հին անդամական տոմսերուն հետ: Նորը՝ գունագեղ, աւելի փոքր չափերու, մեր ինքնութեան տոմսին նմանութեամբ է: Գունաւոր լուսանկարին տակ յստակ ու հայերէնով տպագրուած է նաեւ միութենական թիւը, մասնաճիւղի պատկանելիութիւնը եւ ենթակային արեան տեսակը:
Անդամատոմսերու արխիւէս յայտնաբերեցի մօտ 80 տարուան վաղեմութիւն ունեցող՝ անդամատոմսերէն մին: Ան կը պատկանէր ազնիւ ու համեստ միութենականի մը, որ ամբողջ կեանքը ՀՄՄ-ի միջոցով նուիրած էր ազգին։ Եւ ոչ միայն ի՛րը: Կնոջ եւ չորս զաւակներով կազմուած Հ.Մ.Մ.-ական ջերմեռանդ ընտանիքի մը տիպարն էին անոնք: Հայրն էր ՍԴՀԿ-ի 100-ամեակին անմահութեան արժանացած հերոսին: Անդամատոմսին տէրը Ռաուտայի շրջանէն հաւատաւոր Հ.Մ.Մ.-ական, 1935 թուականի ծնունդ, այժմ` ողբացեալ, Արմէն Պէշպուչաքեանն է։ Անդամատոմսը ընկեր Արմենակին տրուած էր Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի տեղական վարչութեան կողմէ 1947 թուականին: Անդամատոմսի կեդրոնը կ’երեւայ Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի շրջանի կնիքը՝ հայատառ եւ ֆրանսերէնով:
Երկու անդամատոմս, իրարմէ 80 տարուան հեռաւորութեամբ: Փոխուած է գրեթէ ամէն բան: Փոխուած են մարդոց մտածելակերպը, փոխյարաբերութիւնները: Աշխարհը ժամէ առ ժամ արհեստագիտական առաջընթաց կ’ապրի, ընկերային կեանքը հին օրերուն հետ բնաւ համեմատելի չէ, ընտանեկան փոխյարաբերութիւնները՝ նոյնպէս: Աշխարհը հասած է համընդհանուր խնդիրներու մասին ծանօթութեան ամենաբարձր աստիճանին: Այս մթնոլորտին մէջ երիտասարդ-փորձառու սերունդներու համագործակցութիւնը միակ գրաւականն է միութեան մը յառաջընթացը ապահովող:
«Կարեւորը չյուսահատիլն է», ինչպէս կը թելադրէ ֆէյսպուքեան էջերէն մէկուն մէջ յարգելի գրիչ մը, «անիմաստ կարգախօսներէ եւ բեմահարթակային ելոյթներէն գործնական դաշտ տեղափոխուիլ է հարկաւոր։ Համախմբուինք եւ վճռական գործի անցնինք»։
Նազօ Ճ.