Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

August 13, 2024
in Հայաստան
0
ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

 

Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով, 12 Օգոստոսին, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հիւրընկալած է ռազմաուսումնական հաստատութիւններու, քաղաքացիական համալսարաններու ուսանողներ, շարք մը երիտասարդ սպաներ եւ սփիւռքահայ երիտասարդներ։

Ողջունելով եւ շնորհաւորելով երիտասարդները, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը կարեւորած է երիտասարդութեան դերը եւ բնականոն ու սահուն սերնդափոխութեան անհրաժեշտութիւնը պետութեան կայուն զարգացման, յառաջընթացի, այդ շարքին նաեւ Զինուած ուժերու զարգացման տեսլականը կեանքի կոչելու գործին մէջ։

ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը անդրադարձած է Զինուած ուժերուն մէջ սկիզբ առած արմատական բարեփոխումներուն, վերջին տարիներուն կատարուած լայնածաւալ աշխատանքներուն, այդ շարքին՝ ճարտարպետական աշխատանքներուն, բնակարանային ապահովման ծրագրին, ինչպէս նաեւ ներդրուած շարք մը հեռանկարային ծրագրերու, որոնց նպատակն է որակական նոր, ամուր հիմքեր ստեղծել արհեստավարժ բանակ ունենալու համար՝ զինուած ուժերը համալրելով երիտասարդ, պատրաստուած ու բանիմաց մասնագէտներով։ Այս ծիրին մէջ, Սուրէն Պապիկեան խօսած է «Պաշտպան հայրենեաց» ծրագրին մասին, որ լայն հնարաւորութիւններ կ’ընձեռէ երիտասարդներուն՝ ժամկէտային ծառայութիւնը ընկերային արտօնութիւններու շօշափելի փաթեթով եւ բարձր աշխատավարձով փոխարինելու հնգամեայ պայմանագրային ծառայութեամբ։ Որպէս ընկերային կարեւոր բաղադրիչ՝ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սպաները քննութեան մասնակից դարձնելու շարունակական գործընթացին։

Սուրէն Պապիկեան իր խօսքին մէջ կարեւորած է նաեւ ռազմական կրթութեան ոլորտին մէջ արդէն իսկ սկիզբ առած եւ ընթացիկ բարեփոխումները, ռազմատեխնիկական համագործակցութեան բազմազանեցուած ծրագրերու կեանքի կոչումը, ՀՀ բանակին մէջ կանանց դերակատարութեան բարձրացման ուղղուած ծրագրերու իրականացումը, կրթութեան որակի կտրուկ բարձրացումը: Այս բոլորին վերջնարդիւնքը մէկն է՝ ունենալ մարտունակ եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն պատրաստ զինուած ուժեր՝ ունակ բարձր մակարդակով կատարելու առաջադրուած խնդիրները։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՔՈՒԻ COP29-Ի ՇՈՒՐՋ ՑԱԾ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ․ POLITICO

Next Post

ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐԵՐԿՐԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐԵՐԿՐԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐԵՐԿՐԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.