Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՔՈՒԻ COP29-Ի ՇՈՒՐՋ ՑԱԾ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ․ POLITICO

August 13, 2024
in Միջազգային
0
ՊԱՔՈՒԻ COP29-Ի ՇՈՒՐՋ ՑԱԾ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ․ POLITICO

 

Ատրպէյճանի մէջ Նոյեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի հարցերով գագաթաժողովի (COP29) շուրջ ցած մասնակցութիւն կը նկատուի, շահագրգիռ կազմակերպութիւնները որոշած են կա՛մ չմասնակցիլ Ալիեւի կողմէ հիւրընկալուող հաւաքին, կա՛մ փոքր պատուիրակութիւն ուղարկել։ Այս մասին կը գրէ ամերիկեան «Politico» պարբերականը՝ թուարկելով շարք մը պատճառներ՝ Ալիեւի մենատիրական վարչակարգը, քարիւղի արդիւնահանման ոլորտին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Տոնալտ Թրամփի վերստին ԱՄՆ նախագահ ընտրուելու հեռանկարը։

Պարբերականին ուսումնասիրութիւնը փաստածլ է, որ ի տարբերութիւն անցեալ տարի Տուպայի մէջ կազմակերպուած ՄԱԿ-ի Կլիմայի հարցերով համաժողովին՝ Պաքուի հաւաքին հնարաւոր մասնակիցներուն կազմը նոյնքան տպաւորիչ պիտի չըլլայ․ շատերը, ըստ յօդուածի հեղինակներուն, նախապատուութիւնը կու տան յաջորդ տարի Պրազիլի մէջ կազմակերպուող COP29-ին, որ աւելի վճռորոշ նշանակութիւն ունի, քանի որ այդ հաւաքի ընթացքին պէտք է աւարտին հասցուի կլիմայի ռազմավարութեան մասին փաստաթուղթը:

«Politico»-ն կը նշէ, որ նուազ կարեւոր չէ ԱՄՆ նախագահի թեկնածու Տոնալտ Թրամփի գործօնը, որ յայտնի է համաշխարհային տաքացման, կլիմայի հարցերուն մէջ իր յոռետեսական դիրքորոշմամբ եւ ընտրուելու պարագային կրնայ կասկածի տակ դնել Պաքուի հաւաքին արդիւնքները։ Հանրապետական գործիչը առհասարակ կը սպառնայ ընտրուելու պարագային երկրորդ անգամ ԱՄՆ-ն դուրս բերել Կլիմայի հարցով Փարիզի համաձայնագրէն։

«Թրամփի երկրորդ նախագահութեան հեռանկարը հարցեր յարուցած է աշխարհով մէկ՝ Եւրոպայէւ մինչեւ տնօրէններու խորհուրդներ, թէ որքան յաւակնոտ կրնան մօտենալ հաւաքական դերակատարները յաջորդ COP-ին»,- պարբերականին հետ զրոյցին կը նշէ ClearView Energy Partners խորհրդատուական ընկերութեան գործադիր տնօրէն Քեւըն Պուքը:

Սա, ինչպէս կ’ենթադրէ «Politico»-ն, չի նշանակեր, որ Պաքուն պիտի զրկուի հաւաքական ներկայացումէն կամ խոշոր նաւթակազային ընկերութիւններու մասնակցութենէն, որոնք նման հարթակները կ’օգտագործեն սեփական գործարքները առաջ մղելու համար։ Բայց ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ բազմաթիւ ընկերութիւններ կը նախընտրեն Պաքու մեկնելու փոխարէն մասնակցիլ, օրինակ, Սեպտեմբերին՝ «Նիւ Եորքի կլիմայական շաբաթ»-ին կամ Հոկտեմբերին` Գոլումպիայի մէջ կազմակերպուելիք COP16-ին։

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԻԵԹՆԱՄԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Next Post

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

Next Post
ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.