Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐԵՐԿՐԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

August 13, 2024
in Միջազգային
0
ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐԵՐԿՐԵԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

 

Լրատուութեան զարգացման ատրպէյճանական գործակալութիւնը, մեկնաբանելով շարք մը լրատուամիջոցներու լուրերը, թէ Իսրայէլը արգիլած է իր զինուորականներուն մնալ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ, յայտարարած է, որ երկրի տարածքին օտարերկրեայ պետութիւններու ռազմական զօրախումբ չկայ։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի «Kan» պետական հեռուստառատիոընկերութիւնը հաղորդած է, որ իսրայէլեան բանակը, Իրանի սպառնալիքի լոյսին ներքոյ, արգիլած է իր զինուորականներուն գտնուիլ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ։ Ըստ այդ տուեալներուն՝ զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող իսրայէլացիները, որոնք ինչ-որ պատճառներով այժմ կը գտնուին Հարաւային Կովկասի այս երկու հանրապետութիւններուն մէջ, բանակի ղեկավարութեան հրամանով պարտաւոր են անյապաղ լքել այդ երկրները եւ վերադառնալ Իսրայէլ։

Ի պատասխան ասոր՝ Լրատուութեան զարգացման ատրպէյճանական գործակալութիւնը նշած է, որ որոշ արտասահմանեան լրատուամիջոցներ, յենելով «ոչ-յուսալի աղբիւրներու վրայ», ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն Ատրպէյճանի մասին, ինչ որ «մոլորութեան մէջ կը դնէ ինչպէս տեղական, այնպէս ալ արտերկրեայ լսարանը»։

«Կը յայտարարենք, որ Ատրպէյճանի տարածքին չկայ որեւէ օտարերկրեայ պետութեան ռազմական զօրախումբ։ Խստօրէն կը դատապարտենք տեղեկատուական խաղերը, որոնք հիմնուած են այս առումով կեղծ տեղեկութիւններու վրայ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐ»

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼԸ 15,7 ՏՈԿՈՍՈՎ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐՈՒԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼԸ 15,7 ՏՈԿՈՍՈՎ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐՈՒԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՅՈՒՆԻՍԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼԸ 15,7 ՏՈԿՈՍՈՎ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ Է ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐՈՒԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.