Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ ՅՈՒՆԻՍ 12-Ի ԳՈՐԾՈՎ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

August 13, 2024
in Հայաստան
0
ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ ՅՈՒՆԻՍ 12-Ի ԳՈՐԾՈՎ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Մեկնարկած է Յունիս 12-ին Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկին տեղի ունեցած բախումներուն գործով դատավարութիւնը: Նիստին ներկայ էին մեղադրեալներուն հարազատները, աջակիցները։

Այս գործով մեղադրանք առաջադրուած է 16 ցուցարարի: Անոնցմէ 15-ը կը մեղադրուին խուլիկանութեան յօդուածով ու մէկը՝ զանգուածային անկարգութեան։

Չորս մեղադրեալու նկատմամբ, ինչպէս փոխանցած էր փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը, խափանման միջոց ընտրուած է բանտային, ութի նկատմամբ տնային կալանքը, երկուքի նկատմամբ վարչական հսկողութիւնը ու եւս երկուի՝ բացակայելու արգելքը:

Դատարանը մինչ բուն գործի քննույեան անցնիլը նախ անդրադարձաւ մեղադրեալներուն նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցներու հարցին։ Հանրային մեղադրողները կը համարեն, որ գործի պատշաճ քննութեան համար անոնք պէտք է պահպանուին, իսկ պաշտպանական կողմը, ներկայացնելով իր փաստարկները, կ’առաջարկէ զանոնք փոխել, որոշ պարագաներու ալ՝ վերացնել:

Դատարանի բակին մէջ էր ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը: Բագրատ սրբազանը պնդեց, որ այս գործը ամբողջութեամբ քաղաքական է։

Յունիս 12-ին վարչապետին հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիրներու հաւաքը ոստիկանութիւնը ցրած էր յատուկ միջոցներու եւ ուժի կիրառմամբ, ինչի հետեւանքով աւելի քան 100 մարդ տուժած էր, անոնցմէ 57-ը, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, ստացած էին բեկորային վնասուածք։ Ոստիկանական գործողութիւնները քննելու համար Յունիս 14-ին քրէական գործ յարուցուած էր, սակայն, դեռ ոեւէ մեղադրեալ ոստիկան չկայ։

 

Share61Tweet38
Previous Post

  ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊ

Next Post

ՎԻԵԹՆԱՄԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Next Post
ՎԻԵԹՆԱՄԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

ՎԻԵԹՆԱՄԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.