Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան
Նախագահ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մեծայարգ տոքթ. Տարագճեան,
Ցաւով իմացանք մահը մեր սիրելի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն պրն. Զաւէն Խանճեանի մահը։
Պրն. Խանճեանի հետ ունինք երկար տարիներու վրայ երկարած բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն։ Բարեկամութիւն մը, որ ունէր նաեւ ընտանեկան ծանօթութիւն, բայց նոյնքան նաեւ գործակցութիւն։ Եւ գործակցութիւնը կ’ընդգրկէր եկեղեցական, միութենական, ազգային ու հասարակական տարբեր ոլորտներուն մէջէն։
Զաւէնը «Երազային Հալէպի» ծնունդն է, բայց նաեւ անոր զաւակը։ Հալէպէն էր որ ան սորվեցաւ Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին համար դնելու իր կեանքին հիմքը եւ ապրելու Անոր համար։ Ան այս տեսլականով եւ գիտակցութեամբ իր համակ կեանքը դրաւ այս տեսլականին եւ անոր ծառայութեան համար եւ մինչեւ իր վերջին երկրային շունչը։
Զաւէն Խանճեան մնաց ամուր ու հաստատ իր հայկական եւ աւետարանական նկարագրին ու համոզմունքներուն մէջ։ Այս երկուքը իրեն համար զուգորդուած ապրող կեանքեր էին, եւ ան երբեք չսակարկեց անոնց արժէքը։ Աւետարանականը՝ անոր հոգեւոր ու աստուածաշնչական սկզբունքներով, եւ հայկականը՝ իր համապարփակ եւ համահայկական գիտակցութեամբ։ Զաւէն Խանճեան ապրեցաւ Հայաստանով եւ Սփիւռքով ու սատարեց ազգային ինքնութեան համար եւ անոր մշակութային մեծ ժառանգին։ Ան քաջ կը գիտակցէր, որ հայուն յաջողութեան գրաւականը իր միասնական ջանքերուն մէջ է եւ այս իմաստով ոչ մէկ ճիգ խնայեց։ Ան նոյնքան եղաւ գրականութեան մարդը, որ չբաւականացաւ միայն խօսքի քարոզութեամբ, բայց նաեւ հաւատաց գիրին կարեւորութեան ու անոր շնորհած ուժին։ Այս իմաստով՝ ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ իր հրատարակած հատորներով թէ յօդուածներով, որոնց հիմքը մնաց հոգեւոր-ազգային։
Զաւէն, դուն քու կեանքդ ապրեցար ամբողջական եւ չեղար երբեք դասալիք։ Դուն անդադար մղեցիր «բարի պատերազմը»։ Եթէ երկրային կեանքդ աւարտեցիր, բայց «ընթացքը կատարեցիր»։ Եւ անպայմանօրէն՝«հաւատքը շատ ամուր պահեցիր»։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան խնամակալ մարմինին անունով եւ անձնապէս, խնդրեմ ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները։ Ցաւակցութիւնները իր սիրեցեալ կողակիցին՝ Սոնային, զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։ Զաւէնին համար ընտանիքը արժէք էր եւ ան ապրեցաւ իրենցմով եւ անոնք, իմա՝ ընտանիքը, իրմով եւ որ միշտ ալ նեցուկ էին իրեն։ Ցաւակցութիւններ նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մեծ ընտանիքներուն եւ աշխարհով մէկտեղ։ Աշխարհագրականօրէն ձեզմէ հեռու, բայց աղօթքով, սրտով եւ մտքով ձեզի հետ։ Կ՚աղօթենք Սուրբ Հոգիին մխիթարութեան բոլորին եւ բոլորիս։
Յարգանք՝ Զաւէն Խանճեանի ապրած նուիրական կեանքին եւ ծառայութեան համար։
Ցաւակցօրէն՝
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր Քարտուղար Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան
Նիկոսիա
10 Օգոստոս 2024