Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԶԱՀԼԷ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՊԱՍՔԷԹՊՈԼԻ 4-ՐԴ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԽՈՒՄԲԸ

August 12, 2024
in Գաղութային
0
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԶԱՀԼԷ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ ՊԱՍՔԷԹՊՈԼԻ 4-ՐԴ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԽՈՒՄԲԸ

 

 

 

Լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ մեծ եւ իւրայատուկ է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պասքէթպոլի աւանդը, որ կը հատէ տղաներու եւ աղջիկներու առաջին դասակարգերուն շրջագիծը, հասնելով բոլոր դասակարգեր եւ տարիքային շերտեր, ուր մրցաշարքերուն հետեւողական մասնակցութիւն կը բերեն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ, Սին էլ Ֆիլ, Անթիլիաս եւ Զահլէ խումբերը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի տղոց խումբը գոհացուցիչ արդիւնքներով հանդէս եկաւ 2024-ի Լիբանանի պասքէթպոլի 4-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, գլխաւորութեամբ մարզիչ Ժան-Ժագ Յակոբեանի եւ անմիջական վերահսկողութեամբ վարչական պատասխանատու Վազգէն Յովհաննէսեանի: Առ ի գնահատանք մարզիչին ու մարզիկներուն տարած արդիւնաւէտ աշխատանքին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Զահլէի Տեղական վարչութիւնը Զահլէի մէջ ընթրիք մը սարքեց Ուրբաթ, 2 Օգոստոս 2024-ին, արժեւորելու եզրափակուած ախոյեանութիւնը, պատուելու մարզիչն ու մարզիկները եւ երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց՝ ներդրուած ջանքերուն համար:

Ներկայութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանին, խումբին անդամները եւ վարչական պատասխանտուները նախ այցելեցին Զահլէի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ալեք Մանուկեան կեդրոն, ուր Միութեան Զահլէի Տեղական վարչութեան ատենապետ Ճորճ Տէկիրմէնճեանի առաջնորդութեամբ ծանօթացան համալիրին եւ այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն, ապա ուղղուեցան ճաշարան, ուր ընթրեցին, գնահատանքի խօսքեր փոխանակեցին եւ զիրար շնորհաւորեցին՝ արձանագրուած դրական արդիւնքներուն համար, վճռելով աւելի լաւ պատրաստուիլ գալիք ախոյեանութեան եւ առաջին դասակարգին նման այստեղ եւս բարձր պահել Միութեան անունը՝ ինչպէս Պէյրութի, այնպէս ալ լիբանանահայ համայնքի պատմութեան մայր կեդրոններէն Զահլէի մարզաշխարհին մէջ:

 

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ»

Next Post

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Next Post
ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.