Տասնութօրեայ յամառ մրցապայքարներէ ետք, Փարիզ-2024ի ողիմպիական խաղերն ալ անցան պատմութեան գիրկը: Հայերուս համար ամենաշատ յուզող հարցը Մայր Հայրենիքին մարզիկներն ու մարզական իրավիճակն է: Այս մասին հայրենի քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Պատալեան, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, «Ողիմպիական խաղերու արդիւնքի մասին» խորագրին տակ քանի մը համեմատութիւններով արձանագրած է հետաքրքրական տեսակէտեր, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Հայաստանի մարզիկները ամառնային ողիմպիականի ընթացքին վաստակեցան չորս մետալ՝ երեք արծաթ եւ մէկ պրոնզ:
Եթէ մանրակրկիտ համեմատութիւն մը ընենք նախորդ՝ Թոքիոյի ողիմպիականին հետ, ապա կայ «միլիկրամի» յառաջընթաց: Թոքիոյի մէջ երկու արծաթ ու երկու պրոնզ էր, իսկ հիմա արծաթին տեսակարար կշիռը աւելի է:
Անշուշտ, հասկնալի է, որ սա կէս-կատակ դիտարկում մըն է, քանի որ Փարիզի ողիմպիականը անհնար է որեւէ կերպ հայկական մարզաշխարհի յառաջընթաց համարել:
Ի հարկէ, տապալում ալ չէի ըսեր: Ըստ էութեան, 2012 թուականէն յետոյ արդեն չորորդ ողիմպիականն է, որ Հայաստանի մետալներու քանակը 3-4-ի սահմանն է: Ընդ որում, այդ տեւողութեան ընթացքին փաստօրէն եղած է ընդամէնը մէկ ոսկի՝ Արթուր Ալեքսանեանը Ռիոյի մէջ:
Պէտք է յիշենք նաեւ, որ Ռիոյի մէջ, մեղմ ըսած, կասկածելի մրցավարութեան զոհ դարձաւ մեր ըմբիշ Միհրան Հարութիւնեանը: Ի դէպ, Արթուր Ալեքսանեանն ալ կը պնդէ, որ ինքն ալ մրցավարութեան զոհ դաձած է Փարիզի ողիմպիականի աւարտականին:
Նկատենք, սակայն, որ ըմբշամարտը այն մարզաձեւն է, ուր մրցավարական խայտառակութիւնները պարբերական են եւ կ’առնչուին ոչ միայն մեզի: Անոր համար, ես բոլորովին կողմնակից չեմ առաջնորդուելու այն մտայնութեամբ, որ՝ ոսկին մէրն էր, բայց մրցավարները գողցան:
Պէտք է արձանագրել, որ սկսած 1996 թուականէն Հայաստանը առ այսօր ունի ընդամէնը 1 ողիմպիական ոսկի: Այսինքն, 28 տարուայ ընթացքին Հայաստանի մարզիկները կրցած են նուաճել ընդամէնը 1 ողիմպիական ոսկի, եւ այստեղ մրցավարական սխալներուն ու անարդարութեան յղում ընելը, մեղմ ըսած, պարզապէս ինքնարդարացում կ’ըլլայ, որքան ալ ի հարկէ խիստ ցաւալի ու զայրալի է, երբ մարզիկներուն հանդէպ մրցավարներու անարդար որոշումներ կ’ըլլան:
Վերադառնալով ողիմպիական արդիւնքին, կրկնեմ, վերջին չորս ողիմպիականներու համեմատութեամբ մեր արդիւնքը կայուն է: Անկէ առաջ՝ 2008 թուականին, Փեքինի մէջ Հայաստանը նուաճած էր երկու պրոնզ աւելի: Իսկ 2004 թուականին՝ Աթէնքի մէջ, Հայաստանը ոչ մէկ մետալ նուաճեց:
Ի դէպ, այդ ժամանակ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահը այս օրերուն վերստին հռչակուած Իշխան Զաքարեանն էր, որ Աթէնքի ողիմպիականի անփառունակ արդիւնքէն ետք լքեց ԱՈԿ-ի (Ազգային ողիմպիական կոմիտէ) նախագահի պաշտօնն ու այդ պաշտօնին ընտրուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանը:
Նաեւ թերեւս կարեւոր է նկատել, որ վերջին 4-5 տարիներուն, կառավարող մեծամասնութիւնը այսպէս ըսած չոտնձգելով ԱՈԿ-ի նախագահի պաշտօնին, այդուհանդերձ շօշափելիօրէն բարձրացուցած է մարզական կեանքին մէջ ԿԳՄՄ նախարարութեան դերը եւ այն այսօր հրապարակային դաշտին մէջ աւելի առաջ է, քան ողիմպիական կոմիտէինը:
Ինչպէս կը տեսնենք, մարզաշխարհի ողիմպիական արդիւնքը սակայն այդ բանէն առանձնապէս չի փոխուիր»:
ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ ԱՂԻՒՍԱԿ (յապաւումներով)
Ո. Ա. Պ. Ընդ.
1- ԱՄՆ 40 44 42 126
2- Չինաստան 40 27 24 91
3- Ճափոն 20 12 13 45
4- Աւստրալիա 18 19 16 53
5- Ֆրանսա 16 26 22 64
6- Հոլանտա 15 7 12 34
7- Անգլիա 14 22 29 65
8- Հար. Քորիա 13 9 10 32
9- Իտալիա 12 13 15 40
10- Գերմանիա 12 13 8 33
33- Պահրէյն 2 1 1 4
39- Ալճերիա 2 0 1 3
52- Եգիպտոս 1 1 1 3
52- Թունուզ 1 1 1 3