Ատրպէյճանը կը շարունակէ պետական խողովակներով տարածել «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ եզրոյթը: Այս մասին ահազանգած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը՝ ընդգծելով, որ այս անգամ թիրախին Ատրպէյճանէն դուրս ապրող ատրպէյճանցի եւ այլազգի երիտասարդներն են։
«6 Օգոստոսին Բերձորի մէջ «Սփիւռքի երիտասարդութեան հինգերորդ ամառնային ճամբար»-ի շրջանակներուն մէջ, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 60 երկիրներու շուրջ 115 երիտասարդներ, տեղի ունեցած է «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք» կազմակերպութեան ղեկավարութեան հանդիպումը ճամբարականներուն հետ։
Սա Հէյտար Ալիեւ հիմնադրամի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած հերթական միջոցառումն էր: Հանդիպման ընթացքին «Արեւմտեան Ատրպէյճան համայնք» կազմակերպութեան անդամները ելոյթ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հանդէպ ատրպէյճանական բացայայտ նկրտումներու, «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ թեզի մասին։ Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուած են «Մօտիկէն հայեացք Արեւմտեան Ատրպէյճանին» վաւերագրական ֆիլմը, լուսանկարներու սահիկաշար, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան պատմաճարտարապետական յուշարձանները, բնական տեղամասերը ներկայացուած են որպէս «հին ատրպէյճանական»»,- նշուած է Հիմնադրամի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Նաեւ կը շեշտուի, որ ի թիւս այլ յուշարձաններու՝ որպէս «հին Ատրպէյճանի տարածքին գտնուող յուշարձան» կը ներկայացուի նաեւ Սիսիանի տարածաշրջանին մէջ գտնուող «Զօրաց քարեր բնակատեղի» պատմամշակութային արգելոցը։
«Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանի ժառանգութեան ինքնութեան կեղծման եւ սեփականաշնորհման քաղաքականութիւնը միտուած է օրինականացնելու Ատրպէյճանի յաւակնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ տարածաշրջանին նկատմամբ։
Ատրպէյճանական պետական քարոզչութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հայկական ժառանգութեան բռնաիւրացմամբ. այն կ’ընդգրկէ նաեւ Իրանի Ատրապատական նահանգի մշակութային ժառանգութիւնը։
Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումը եւ խեղաթիւրումը, ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը սպառնալիք է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու թիրախին են յատկապէս երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց կը հրամցուին հայատեաց, նենգափոխուած պատկերացումներ տարածաշրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, կը կազմակերպուին միջոցառումներ, ուր տեղի կ’ունենայ ալիեւեան վարչակարգին կողմէ ուղղորդուած «ուղեղներու լուացում»։
Այսպիսով՝ նմանատիպ միջոցառումներու կազմակերպումը եւ անոնց մէջ երիտասարդները ընդգրկելը ցոյց կու տայ, որ ատրպէյճանական պետութիւնը իր առջեւ խնդիր դրած է ապահովել հայատեաց քաղաքականութեան սերնդափոխութիւնը»,- կ’եզրափակուի յայտարարութիւնը: